Յունուար 17ի այս օրուան ծնունդ է բանաստեղծ ու գրականագէտ, վաստակաւոր թարգմանիչ եւ բարեհամբաւ մանկավարժ փրոֆ. Տիգրան Հախումեանը, որ խորհրդային դարաշրջանին, հայրենի իրականութեան մէջ, հայոց ազգային յիշողութեան հաւատաւոր եւ հաւատարիմ պահապաններէն եղաւ։
2001 թուի Նոյեմբերին, Երեւան, Մաշտոցի պողոտայի թիւ 39 շէնքի մուտքին, պաշտօնապէս յուշատախտակ զետեղուեցաւ փրոֆ. Տիգրան Հախումեանի անունով՝ անոր ապրած բնակարանը հայոց մայրաքաղաքի նորօրեայ բնակիչներուն թէ այցելու հիւրերուն միշտ յիշեցնելու նպատակով։ Իսկ յուշատախտակի զետեղման առիթով՝ տաղանդաւոր բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեան հետեւեալ վկայութիւնը փոխանցեց հայրենի մտաւորականութեան երախտաշատ այս ներկայացուցիչին՝ Տիգրան Հախումեանի մասին.
«Մոռացութեան ժամանակներ էին նախկինում, բայց բարեբախտաբար ամէն ինչ կարծես վերափոխւում է, մենք կրկին վերադառնում ենք մեր ակունքներին՝ վերագնահատելու մեր անցեալը: 20-30ականների հայկական իրականութեան մէջ, երբ գաւառային մտայնութիւնները սպառնում էին տիրական դառնալ ամէն առումներով՝ եւրոպական, ռուսական բարձր մշակոյթ կրող բարեկիրթ մտաւորական Տիգրան Հախումեանի անձնական ներկայութիւնն իր միջավայրում պէտք է որ լոյս սփռէր: Կարելի է պատկերացնել նրա տառապանքը եւ մենակութիւնը. մի մարդ, որ երբեք կոմպրոմիսի չգնաց, չծառայեց կեղծ պետական արժէքներին, քանի որ սերում էր առողջ եւ ազնիւ արմատներից»։
Մշակուած ու գիտուն մտաւորականի եւ հոգածու մանկավարժի արժանաւոր տիպար մը հանդիսացաւ փրոֆ. Տիգրան Հախումեան, որ ծնած էր Երեւան՝ 1894 թուի Յունուար 17ին։ Եղաւ բանաստեղծ ու թատերագիր, գրականագէտ եւ թարգմանիչ, մասնագիտացաւ բանասիրական գիտութիւններու մէջ եւ փրոֆեսորի տիտղոսին արժանացաւ 1961ին, եղաւ մանաւանդ անձնուէր ու նախանձախնդիր ուսուցիչ, որ սերունդներ հասցուց։ Հ.Խ.Ս.Հ. արուեստի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին արժանացաւ 1943 թուին։ Խ.Ս.Հ.Մ. գրողներու միութեան անդամ էր 1934 թուականէն սկսեալ։
Տիգրան Հախումեան 1912ին աւարտեց Պաքուի Ռէալական դպրոցը, իսկ 1917ին՝ Մոսկուայի համալսարանի Իրաւաբանական եւ Բանասիրական բաժինները: Վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր գործեց 1917էն մինչեւ 1922 թուականը, երբ վերջնականապէս եկաւ Հայաստան ու հաստատուեցաւ Երեւան։
Ազգային¬քաղաքական իր հակումներով պահպանողական գաղափարաբանութեան հետեւորդ էր Տ. Հախումեան եւ այդ մղումով, թիֆլիսեան իր գործունէութեան շրջանին, հիմնադիրներէն եղաւ Ժողովրդական կուսակցութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ անկախութեան եւ ազատութեան ամրապնդման աշխատանքին, իսկ խորհրդայնացումէն ետք լուծուեցաւ նորաստեղծ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէջ։
Թիֆլիսի մէջ Տիգրան Հախումեան մաս կազմեց «Ժողովրդի Ձայն» եւ «Մշակ» թերթերու խմբագրութեանց: Իսկ 1922ին Երեւան փոխադրուելէ յետոյ, գործեց Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան ղեկավարման բաժնին մէջ, աշխատեցաւ «Մաճկալ», «Խորհրդային Հայաստան» թերթերու ու «Վերելք» ամսագրի խմբագրութեանց մէջ։ Միաժամանակ, 1923էն 1931, աշխատեցաւ նաեւ իբրեւ դատապաշտպան իրաւաբան:
Բանաստեղծութիւններով գրական ասպարէզ մտած՝ Տ. Հախումեան յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունէր թատերագրութեան նկատմամբ։ 1931ին, Երեւանի Գաբրիել Սունդուկեանի անուան թատրոնը բեմադրեց անոր «Թշուառներ» թատերգութիւնը։
1943էն սկսեալ Տ. Հախումեան դասախօսական պաշտօն վարած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական հիմնարկին, Պետական համալսարանին, Վալերի Բրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու կաճառին մէջ: 1951ին «Դերենիկ Դեմիրճեանի դրամատուրգիան» թեմայով աւարտաճառ պաշտպանեց եւ ստացաւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան, Իսկ 1961ին՝ փրոֆեսորի կոչում։
Վախճանեցաւ Երեւան, 1973ի Մարտ 25ին։
Մեծ է վաստակը Տիգրան Հախումեան թարգմանիչին, որ ռուսերէնէ հայերէնի թարգմանած է 99 թատերգութիւններ (այդ շարքին՝ Մաքսիմ Գորկիի «Վասա ժելեզնովա»ն, «Եգոր Բուլըչեւը եւ ուրիշները», Գոլդենի «Վենետիկեան երկուորեակներ»ը, Լոպէ դէ Վեգայի «Այլոց համար յիմար, իրեն համար խելօք»ը, Լունչարսկիի «Ազատագրուած Դոն-Կիխոտ»ը, Պոգոդինի «Հրացանաւոր մարդը», «Կրեմլեան կուրանտներ»ը), որոնց մեծ մասը տպագրուած է զանազան ժողովածուներու մէջ:
Իսկ ռուսերէնով եւ առանձին հատորով լոյս տեսած են Տ. Հախումեանի «Ասք սովետական դիւցազունների մասին» (Երեւան, 1945), «Գրական յօդուածներ եւ յիշողութիւններ», Ա. եւ Բ. հատորներ (Երեւան, յաջորդաբար 1965ին եւ 1970ին):
Գրական-ստեղծագործական եւ գրականագիտական իր ժառանգութեան մաս կը կազմեն՝
- «Բանաստեղծութիւններ», Ե., Պետհրատ, 1923, 62 էջ:
- «Անտոն Չեխով. նրա կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը», Ե., Հայպետհրատ, 1944, 98 էջ:
- «Ա. Ս. Գրիբոյեդով. կեանքն ու ստեղծագործութիւնը», Ե., Հայպետհրատ, 1945, 116 էջ:
- «Երկու ամիս ռազմաճակատում», Ե., Հայպետհրատ, 1946, 77 էջ:
- «Դերենիկ Դեմիրճեանի դրամատուրգիան», Ե., Հայպետհրատ, 1958, 138 էջ:
Ն.