- Խօսեցաւ ինծի ան եւ իր բառերը իրարու ետեւէ եւ կարգ առ կարգ
Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինախոյզ եւ առնական...
«Ոտքի՛ կեցիր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս ու մրրկուէ՛ անոնց հետ,
Որովհետեւ գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն
Մեր ամէն մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն»...


Սիամանթօ

Փետրուար 23ի այս օրը, 37 տարի առաջ, առյաւէտ փակուեցան խուզարկու եւ խորախորհուրդ հայեացքով աշխարհին բացուած աչքերը անզուգական Մինասի, որ իրաւամբ վերջին բոցավառումը եղաւ հայ նկարչական հանճարին։


Երէկ՝ 21 Փետրուարին, քաղաքակիրթ մարդկութեան հետ հայաշխարհը եւս տօնեց «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը։
21րդ դարու նորամուծութիւններէն է մայրենի լեզուներուն յատուկ Օր նուիրելու համաշխարհային նախանձախնդրութիւնը։
21 Փետրուարը իբրեւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» հռչակելու որոշումը կայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։

21 Փետրուարի այս օրը կը լրանայ ծննդեան 75ամեակը վաւերագրական շարժանկարի աշխարհահռչակ վարպետներէն՝ հայ տաղանդաւոր բեմադրիչ, նկարահան, բեմագրող եւ արուեստաբան Միքայէլ Վարդանովի։ Ան եղաւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստան Աշխարհի հոգին՝ մարդկայնական շունչն ու հմայքը, մշակութային որակն ու գեղարուեստական հարստութիւնը խորաթափանց իր ոսպնեակով անմահացուցած վաւերագրական շարժանկարի արուեստին երախտաշատ վարպետը։

20 Փետրուարին, հարիւրերեք տարի առաջ՝ 1909ին, Ալվարի (Թաւրիզ) մէջ, յանուն Պարսկական Սահմանադրական շարժման յաղթանակին, երիտասարդ իր կեանքը զոհաբերեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման եզակի դէմքերէն Մարտիրոս Չարուխճեան։