Յունուար 24ի այս օրը 88 տարեկան պիտի դառնար մեր նոր գրականութեան հանճարեղ նորարարը՝ Պարոյր Սեւակ, եթէ 41 տարի առաջ ճամբու ոչ-պատահական, այլեւ՝ մութ ուժերու կողմէ պատուիրուած արկած մը չպոկէր կեանքի թելը հայ ժողովուրդի բացառիկ այս ծնունդին։


Միայն 47 տարի ապրեցաւ եղերաբախտ բանաստեղծը, բայց հայոց սերունդներուն կտակեց գրական-գեղարուեստական տաղանդի, հոգեմտաւոր իմաստութեան եւ ազգային-քաղաքացիական արութեան այնքա՜ն կենսայորդ ժառանգութիւն մը, որ մեր ժողովուրդի երկնակամարը լուսաւորող յաւերժական աստղի արժանաւորութեամբ պսակեց անունն ու ճակատը Պարոյր Սեւակի։
Միայն հանճարեղ չէր Սեւակ, նոյնինքն Հայկեան Հանճարին խոհո՜ւն բանաստեղծն էր։
Դժուար էր հաւատալ եւ օրին միայն ծառայամիտները ուզեցին հաւատալ ու հաւատացնել, թէ 17 Յունիս 1971ին պատահած եւ Պարոյր Սեւակի մահուան պատճառ դարձած ճամբու արկածը իսկութեան մէջ այդպիսին էր՝ սովորական ճամբու արկած մըն էր։
Բայց խորհրդային ամբողջատիրութեան դաժան ժամանակներն էին եւ որքան ալ բարձրագոռ հնչեցին աշխարհով մէկ սփիւռքի հայութեան թերահաւատութիւնն ու ընդվզումը, պաշտօնապէս պարտադրուեցաւ պետական բացատրութիւնը Սեւակի մահուան պարագաներուն մասին։
Սեւակ զոհ գնաց ճամբու արկածի՞...
Ո՛չ. ո՛չ եւ միշտ ո՛չ։
Պարզապէս Սեւակը բրտօրէն պոկեցին, խլեցին եւ ընդմիշտ հեռացուցին հայ ժողովուրդէն եւ Հայաստանէն։
Վաղաժամ լռութեան դատապարտուեցաւ հայ գրականութեան մեծագոյն ձայնաւորներուն վերջին անմահը, որ իր կենդանութեան արդէն նուաճած էր Հայաստանի ու հայութեան «անլռելի զանգակատուն»ը շնչաւորելու յաւերժական բարձունքը։
Եթէ արդարադատ ենք, ապա անպայման պէտք է խոստովանինք ու ընդունինք, որ Սեւակի բանաստեղծութեամբ, ինչպէս եւ անոր եղերական մահով՝ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը փակեցին հազարամեակներու մեր պատմութեան խաւարանիստ փուլերէն մէկը՝ բիրտ ուժով հայ իրականութեան պարտադրուած «սովետական մարդ»ու եւ «սովետական հոգեկերտուածք»ի ծանր բեռը խորհրդանշող «սովետական դարաշրջանը»...
Պարոյր Սեւակ գլխագիր ՄԱՐԴն ու ՀԱՅը մաքրազտեց «սովետական» ամէն կարգի արատներէն ու ժանգերէն։
Աւազանի անունով Պարոյր Ռաֆայէլի Ղազարեան՝ Սեւակ ծնած էր 24 Յունուար 1924ին, Արարատի շրջանի Չանախչի (Սովետաշէն) գիւղը, որ այսօր «Զանգակատուն» կը կոչուի, ի յիշատակ ստրկամիտ լռութիւնը ճեղքած եւ հայու էութիւնը բարձրաձայն շնչաւորած մեծ բանաստեղծին։
Հայ գրականութեան անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը եղաւ Սեւակ։ Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին՝ ան միացուց հայ գրողի գիտական պատրաստութիւնն ու բանասիրական¬մշակութային հարուստ պաշարը։ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը 1945ին աւարտելէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին, Սեւակ ընդունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս։ 1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու Միութեան քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ հրապարակախօս։
Պարոյր Սեւակ արգասաբեր գրիչ ունէր։ Անկախ առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բանաստեղծական գործերէն՝ «Անհաշտ Մտերմութիւն» (1953), «Սիրոյ Ճանապարհ» (1954), «Նորից Քեզ Հետ» (1957), «Անլռելի Զանգակատուն» (1959), «Մարդը Ափի Մէջ» (1962), «Եղիցի Լոյս» (1971) եւ «Ձեր Ծանօթները» (1971) գործերէն, ինչպէս նաեւ 1969ին հրատարակուած «Սայաթ¬Նովա» մենագրութենէն, Սեւակի ժառանգութեան մաս կը կազմեն հայ մամուլի էջերուն ցրուած թէ անտիպ ու կիսաւարտ մնացած գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։
Իր գրական ստեղծագործութիւններով ու համարձակախօս հրապարակագրութեամբ՝ Սեւակ մարմնաւորեց քսաներորդ դարու Իրաւատէ՛ր Քաղաքացիի հայ ազգային կերպարը։ Մարդկային Սիրոյ, Ճշմարտութեան Լոյսի եւ Լիիրաւ Արդարութեան իմաստախոյզ վերծանողը եղաւ։ Ամէն բանէ աւելի Կեղծիքի դէմ պայքարեցաւ, սեփական թերիներուն եւ փորձութիւններուն անկեղծ խոստովանութեամբ ապրեցաւ, որպէսզի Վկան դառնար Մարդ Էակի մնայուն ճիգին՝ բարձրանալու ազնուացման ու վեհութեան դժուարին բարձունքն ի վեր։
Այդ ներշնչումով ալ ստեղծագործեց եւ քսաներորդ դարու միջազգային գրականութեան ամէնէն վաւերական արժէքներէն մէկը դարձաւ՝ նաեւ օտար ընթերցողին առջեւ բանալով սուտի ու կեղծիքի յուզաշխարհը այսպէս կոչուած «Խորհրդային Մարդու»ն...
Այս առումով Իրաւատէ՛ր Քաղաքացիի առինքնող՝ Սեւակեան մարմնաւորումը մահացու կերպով խոցեցին անոնք, որ 41 տարի առաջ, 17 Յունիս 1971ին, բրտօրէն խեղդել ուզեցին ստեղծագործ ձայնը հայ ժողովուրդին։
Բայց Սեւակի արժէքով մեծութիւններ ծնող Հայկեան Հանճարին կարելի չէ լռեցնել։
Այո՛, մեր ժողովուրդին զրկեցին ինքնաքննարկման եւ աշխարհընկալման այս իմաստախոյզ եւ խռովահար վերծանողին կենդանի շունչէն, որուն առաջնորդող խօսքով պիտի կարենայինք ազգային ու հայրենական վերականգնումի մեր դժուարին երթը ապահովագրել ամէն կարգի թուլութեանց եւ շեղումներու, սայթաքումներու եւ մոլորութեանց դէմ։
Ճակատագիրը նման դառն ու դաժան խաղով մեզմէ հեռացուց Սեւակը ճիշդ այն ժամանակ, երբ ազգովին կը թեւակոխէին հազարամեակներու մեր պատմութեան կարեւորագոյն փուլերէն՝ Հայոց Հայրենիքի վերանկախացման եւ հողային մեր անժամանցելի իրաւունքներու վերատիրացման դարաշրջանը։
Բայց նաեւ պէտք է խոստովանիլ, որ, Սեւակի բացակայութեան այս քառասունմէկ տարիներուն անգամ, մեր ուղին շարունակ լուսաւորեց Սեւակեան անսպառ հաւատքը Հայո՛ւ լիարժէքութեան հանդէպ, անխախտ հաւատքով երկնուած այն պատգամով, որ՝
Մենք քիչ ենք‚ այո՛‚ բայց կոչւում ենք հայ -
Գիտենք դեռ չանցած վէրքերից տնքալ‚
Բայց նոր խնդութեամբ ցնծալ ու հրճուել.
Գիտենք թշնամու կողը մխրճուել
Ու բարեկամին դառնալ աջակից.
Դուրս գալ մեզ արուած բարութեան տակից՝
Մէկի փոխարէն տասն հատուցելով…
Յօգուտ արդարի եւ արեգակի
Գիտենք քուէարկել մեր կեանքով նաեւ…
Բայց թէ կամենան մեզ բռնի վառել՝
Մենք գիտենք մխա՛լ - եւ կրա՜կ մարել.
Իսկ եթէ պէտք է խաւարը ցրել՝
Գիտենք մոխրանալ որպէս վառ կերոն.
Եւ գիտենք նաեւ մեզ կրքոտ սիրել‚
Բայց ուրիշներին մի˜շտ էլ յարգելով…

Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում‚
Բայց մեզ էլ գիտենք -
Մեզ հա՜յ են ասում։
Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք…
Կա՛նք։ Պիտի լինե՛նք։ Ու դեռ - շատանա՜նք։ 

Այս հաւատքով ալ մեր մէջ եւ մեզի հետ կþապրի հայ մտքի եւ գրականութեան- բառին ե՛ւ իրաւ, ե՛ւ թեւաւոր իմաստով - անլռելի զանգակատունը, որ Պարոյր Սեւակ կը կոչուի եւ անխոնջ յուշարարն է հայոց փոքր ածուի անընկճելի մեծութեան՝
Իմ ժողովուրդ հնամենի,
Ինչպէ՞ս գտնել դեռ չստեղծուած
Բառն այն, որով հնար լինի
Քեզ ճշտօրէն անուանելու…
Դու՝
Պատմութեան մութ առեղծուած,
Դու՝
Մարդկութեան բարդ հանելուկ,
Տեղն ու տեղդ՝ զարմանալի…
Քեզ որտեղի՞ց այն բանալին,
Որով կեանքի դուռն ես բացել,
Այն դարաւոր
Հաստ դուռը, որ
Ճակատի դէմ քո լուսաւոր
Փակուել է միշտ, շրխկացել։

Քեզ դարէ դար հալածելով,
խուժդուժօրէն սրածելով՝
Սպանեցին,
Խաչ հանեցին,
Սակայն մնաց դեռ հայութիւնն,
Առանք նորից մենք յարութիւն,
Եւ ո՛չ իբրեւ մի նոր Յիսուս,
Այլ… հայի՛ պէս։

Դարեր ի վեր վառում են մեզ,
Այրում են մեզ,
Դարձնում մոխիր
Հնոցի մէջ խուլ չարութեան,
խարոյկի մէջ քէն ու ոխի,
Ու տաք մոխիրն անգամ թրջու՜մ…
Սակայն ոգին մեր հայութեան
Թէ այրուեց էլ, ո՛չ, չի՜ կորչում,
Ելք է ճարում նո՛ր յարութեան,
Եւ… ո՛չ որպէս փիւնիկ թըռչուն,
Այլ… հայի պէս…
Սակայն ոգին մեր հայութեան
Աւելի ճիշտ՝ չի՜ մոխրանում,-
Միեւնոյնն է, թէ չարութեան
Հուրը թէժ է կամ մարմանդ է,
Չի մոխրանում,
Այլ ճախր անում,
Սաւառնում է ոգին հայի,
Եւ… ո՛չ իբրեւ հեքիաթային
Կախարդական սալամանդըր,
Այլ… ի՛ր նման՝
Հայ ոգո՜ւ պէս…

Դիակներով ձորն է լցւում,
Դիակներով վիհն է խցւում,
Արիւն հագնում սարաւանդը…
Հարուածում են մեզ մահացու,
Վէրքի վրայ նոր վէրք բացում…
Ջարդեր յայտնի, դաւեր ծածուկ,
Կործանումներ գունակ¬գունակ…
Դժխեմ բախտի մատեանի մէջ
Սպառումի հազա՜ր սիւնակ…
Իսկ մենք տոկուն ու կենսունակ,
Ինչի՞ նման,¬ դէ եկ ասա՛…
Իսկ մենք՝ տոկուն ու կենսունակ
Հէնց… որպէս հա՜յ,
Հէնց… որպէս հա՜յ…

Արցունքն՝ աչքին,
Վէրքը՝ կրծքին,
Պատա՜ռ¬պատա՜ռ, ծուատ թէպէտ,
Քո ժողովուրդը, վարդապե՛տ,
Զնդանումիդ քսան տարում
Ջանաց ասել մնաս բարեաւ
Ամէն բանտի ու զնդանի,
Մտաւ հզօր մի ընտանիք,
Ուր յոյսը նոյն
Դարձել էր սիւն,
Նոյն երազը՝ ծածկող տանիք…

Մեր կեղեքման ու մեր տանջման,
Մեր վերահաս բնաջնջման
Ահեղ մտքից ցնորուելով,
Դու չիմացար, որ հորվելով՝
Յանձնուելով խաւար հողին,
Չփտեցինք մենք հողի տակ,
Այլ վազի պէս մեր խաղողի,
Երբ որ հասաւ գարունը տաք,
Հողի մէջ էլ մեզ ուղղեցինք,
Գարնան շնչով ընձիւղեցինք
Ու կանգնեցինք՝ նորից շիտակ,
Իսկ գարո՜ւն էր,
Ի՜նչ գարուն էր…

Եւ դարավոր մեր արիւնը
Պատանօրէն տաք պղպջաց,
Հին աւիշը, նոր աւիւնը
Կրկին եռաց մեր բնի մէջ,
Անցաւ ջարդուած ճիւղքի միջով,
Ու մեր ծերուկ հոգին ճչաց
Նորածինի զնգուն ճիչով։

Չլիացանք փրկուած քիչով,
Թէ պաղ էինք, շուտ հալուեցինք
Ու շատացա՜նք, ծաւալուեցի՜նք,
Եւ ուր կþուզես՝ հայ մի անուն,
Որ մեր պատիւն է պահպանում,
Մեր մեծութիւնն է վեր հանում,
Դռներ բացում պանծացումի,
Հեռո՜ւ տանում համբաւը մեր…
...
Դարեր ի վեր
Մարմինը մեր,
Մարմինը մեր խեղճ ու տոկուն
Յիսուսի պէս չարչարեցին,
Բայց քիչ էր դա,
Հասան հոգուն,
Նաեւ հոգուց մեզ զրկելու
Մի անհոգի ճար ճարեցին,
... Ո՛չ մի երգիչ՝ մեզ երգելու,
Մեր մահն անգամ ողբերգելու
Ո՛չ մի երգիչ…
Եւ չարեցի՞ն։
Այն էլ ինչպէ՜ս, ի՜նչ արեցին…
Բայց - ո՛վ հրաշք - պէտք չէր մի դար,
Ոչ էլ կէս դար, որպէսզի մենք
Ծնունդ տայինք մեր… Չարենցին,
Որ… չծնուեց մօրից արդար
Եւ ուժ չառաւ նրա կաթից,
Այլ… դուրս թռավ մեր հեքիաթից՝
Իբրեւ եղբայր մի արժանի
Սիամանթօ-Վարուժանի,
Կրտսեր եղբայր, կրտսեր զաւակ,
Որ պիտի գայ եւ այն անի,
Ինչ չարեցին միջնեկ-աւագ…։

Ն.