Յունուար 25ին կը զուգադիպի իր տեսակին մէջ աննախընթաց Որոշումի մը հրապարակման տարեդարձը։
157 տարի առաջ, Յունուարի այս օրը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակեց եւ արգիլեց Նահապետ Ռուսինեանի «Ուղղախօսութիւն» ու «Տօնացոյց» անունով դասագիրքերուն գործածութիւնը ազգային վարժարաններէն ներս։
25 Յունուար 1855ի այդ ժամանակաշրջանին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կը հանդիսանար հայ իրականութեան հոգեմտաւոր ամէնէն աշխոյժ եւ հեղինակաւոր կեդրոնը, որ իր այդ դիրքէն հրապարակ կու գար պաշտօնապէս դատապարտելու եւ բանադրելու Աշխարհաբարի մշակման ու կատարելագործման նպատակով բժիշկ Նահապետ Ռուսինեանի որդեգրած «նորելուկ» մօտեցումներն ու մտայղացումները։
Աւելի՛ն. արդի հայերէնի ուղղախօսութիւնը, ուղղագրութիւնը եւ համապատասխան դասաւանդումը կանոնաւորելու նպատակով ստեղծուած իր «Ուսումնական Յատուկ Յանձնաժողով»ին քննարկումներէն եւ եզրայանգումներէն մեկնելով՝ Պատրիարքարանը ուղղակի պատուիրեց բոլոր «աշխարհաբարեան» գրողներուն, որ «Նախնեաց բուն լեզուին» մօտեցնեն Գրաբարը փոխարինելու իր յաղթարշաւին սկզբնական քայլերը նետող Աշխարհաբարը։
Յատկանշական է, որ Զարթօնքի Սերունդի եւ Աշխարհաբարի որդեգրման իրաւ նահապետներէն մէկը, եթէ ոչ աւագը կը հանդիսանար բանադրեալը ինք՝ Նահապետ Ռուսինեանը։ Ֆրանսայի մէջ բարձրագոյն ուսում ստացած, յաջողակ բժիշկ եւ ներհուն մտաւորական էր Ն. Ռուսինեան, որ այդ տարիներուն նաեւ մաս կը կազմէր Պատրիարքութեան նորաստեղծ «Ուսումնական Խորհուրդ»ին։ Ինքնին «Ուսումնական Խորհուրդ»ի ստեղծումը մեծ յաղթաքայլ մը եղած էր «աշխարհաբարեան» շարժման հաշւոյն, որովհետեւ նորահաս սերունդներու ազգային եւ քաղաքացիական կազմաւորման ու դաստիարակութեան ընդհանուր պատասխանատուութիւնը վստահուած էր ազգային երեսփոխաններու քուէներով ընտրուած այդ մարմնին։ «Ուսումնական Խորհուրդ»ի կազմութեան համար բուռն պայքար մղած էին Ազգային Զարթօնքի շարժումը գլխաւորած Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան եւ Ստեփան Ոսկան։
Համընդհանուր յարգանք եւ համարում վայելող բժիշկ Ն. Ռուսինեան նաեւ ընտրուած էր «Ուսումնական Խորհուրդ»ի առաջին կազմի անդամ եւ, պատասխանատուութեան իր այդ դիրքէն, մշակած ու պատրաստած էր «Ուղղախօսութիւն» եւ «Տօնացոյց» անունով իր դասագիրքերը՝ ազգային վարժարաններէն ներս գործածութեան դնելու համար։ Բայց թէ՛ հայերէնի ուղղախօսութեան եւ ուղղագրութեան, թէ՛ Հայոց Տոմարի եւ Տօնացոյցի վերանայման իր արմատական, այլեւ ծայրայեղական նորարարութիւններով՝ Ռուսինեան անմիջապէս առաջացուց բացասական բուռն հակազդեցութիւն։ «Ուղղախօսութեան» առաջադրած նորելուկ հայերէնին եւ «Տօնացոյց»ի խրախուսած ու Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան հետեւողութեամբ քարոզած Տոմարին ու ամսանուններուն դէմ մերժումի եւ դատապարտանքի համազարկ բացին ոչ միայն «գրաբարեան» շարժման պարագլուխները, այլեւ նոյնինքն «աշխարահաբարեան» շարժման առաջնորդներէն շատեր։
Փաստօրէն 1850ականներուն իր գագաթնակէտին հասած էր բանավէճը, նոյնիսկ հասարակական պայքարը մէկ կողմէ Գրաբար հայերէնի «անաղարտ» պահպանման եւ միւս կողմէ Աշխարհաբար հայերէնի որդեգրման ու կանոնակարգման կողմնակիցներուն միջեւ։
Եւ ի՜նչ կողմնակիցներ...
Ուղղակի երդուեալ ու մոլեռանդ «հաւատացեալներ» կը գլխաւորէին բանակռուի բռնուած այդ հակամարտ ճամբարները՝ 19րդ դարակէսի հայ մտաւորականութիւնն ու ազգային-հասարակական կարծիքը բաժնելով «գրաբարեաններու» եւ «աշխարհաբարեաններու» անհաշտ ճակատներու։
«Ուղղախօսութեան» նորամուծութիւններուն եւ զարտուղութիւններուն մասին ամփոփ պատկերացում մը փոխանցելու համար, կ՛արժէ խօսքը տալ Մինաս Թէօլէօլեանին, որ իր «Դար մը գրականութիւն» գործին մէջ կը նշէ.-
«Իր համոզումներուն ու տեսակէտներուն մէջ պինդ յամառ, Ռուսինեան կ'առաջարկէր, օրինակ, կատարեալ ժամանակներու «եց» բայական վերջաւորութիւնը գրել էց - գրէց, գործէց, երգէց։ Առհասարակ թշնամի էր ե-ին, ինչպէս մեր երկրին մէջ թշնամի են այսօր է-ին։ Անբացատրելի՜ ու տարօրինակ ատելութիւններ՝ իբրեւ թէ ուղղագրական կանոններու... պարզութեա՜ն ի խնդիր։ Կþառաջարկէր, նաեւ, վերջ տալ յօդակապերու գործածութեան՝ բարդ բառերու կազմութեան մէջ եւ նուիրագործել կցական բարդութիւնները միայն.- Օրինակ՝ գրել յարբերութիւն՝ եւ ոչ յար-ա-բերութիւն. գրել գրգէտ՝ եւ ոչ գր-ա-գէտ։ Կþառաջարկէր գրել, վերջապէս, մի, երկ, եռ, փոխանակ գրելու... մէկ, երկու, երեք..., ու դասական թուական ածականի վերածել՝ այս արմատներուն վրայ որդ մասնիկի յաւելումով - միորդ, երկորդ, եռորդ»։
Ինչ կը վերաբերի «Տօնացոյց»ին, Մեծն Յակոբ Օշականի բնութագրութեամբ, «Ռուսինեանի համաձայն՝ ա) Տարեգլուխը, փոխանակ Յունուարին, պարտաւոր է սկսիլ Մարտի գիշերահաւասարին (21 Մարտ). բ) ամիսներու թիւը՝ 12, երեսնական օր, իսկ անունները՝ միամիս, երկամիս... տասնամիս, տասերկամիս. գ) այդ ամիսներուն ուրիշ անունները՝ տարիին եղանակներէն ներշնչուած։ Կու տամ անոնք ալ. Գարնան համար՝ բուսին, ծաղկին, մարգին. Ամրան համար՝ հնձար, պտղար, տօթար. Աշնան համար՝ կթօն, թափօն, միգօն. Ձմրան համար՝ ձիւներ, սառեր, մրրկեր։ Այս բառերը հայացումն են Ֆրանսայի Հանրապետական Օրացոյցին»։
Հասկնալի է, որ Ռուսինեանի այսօրինակ՝ ծայրայեղական նորարարութիւնները չէին կրնար ընդունելի դառնալ եւ զոյգ դասագիրքերն ալ արգիլուեցան օրին՝ իբրեւ ազգային մեր վարժարաններուն մէջ գործածական ուղեցոյցներ։
Հայերէնի ուղղախօսութիւնը, ուղղագրութիւնը եւ համապատասխան դասաւանդումը օրէնքով կանոնաւորելու եւ կարգաւորելու օրակարգին շուրջ բանավէճը վերջ չգտաւ, ոչ ալ հասարակական շրջանառութենէ դուրս մղուեցաւ 25 Յունուար 1955ի այդ Արգիլման որոշումին հրապարակումով։ Վերջին մէկուկէս դարու ընթացքին բանավէճը միշտ շարունակուեցաւ՝ պարբերաբար նաեւ բուռն ճակատումներու տեղի տալով, մինչեւ իսկ «կեսարեան նշդրակ»ի գործածութեան յանգելով։ Այդպիսին եղաւ, խորհրդային բռնատիրութեան մականին տակ, պաշտօնական պարտադրումը այսպէս կոչուած Աբեղեանական «ուղղագրութեան», որ 1920ականներէն ի վեր հայերէնի ուղղագրութեան մէջ եւս երկփեղկումի մատնած է հայութիւնը։
Այդ իմաստով է, որ հայերէնի ուղղագրութեան եւ ուղղախօսութեան ու համապատասխան ուսուցման շուրջ բանավէճը այսօր ալ, թերեւս աւելի քան երբեք, այժմէական է եւ բուռն կիրքերու բորբոքման տեղիք կու տայ։
Բանավէճը այսօր առանցք ունի խորհրդային կամ Աբեղեանական «ուղղագրութենէն» դէպի «մեսրոպեան» կամ դասական հայերէնի ուղղագրութեան վերադարձի պահանջը, որուն շուրջ սակայն, տակաւին, երկու հակադիր կարծիքի են հայրենի մտաւորականութիւնն ու ընդհանրապէս պետական կառոյցները։
Իսկ 25 Յունուար 1855ի այդ Արգելքին յուշատետրի այս անդրադարձը անկասկած թերի պիտի մնայ, եթէ ներկային համար ուսանելի անհրաժեշտ հետեւութեանց առնուազն թւումը չկատարուի։
Ա.- Լեզուն ազգային այնպիսի հարստութիւն է, որ անոր ուղղախօսութիւնն ու ուղղագրութիւնը անպայման պէտք է վայելէ ազգային-հանրային եւ պետական-իրաւական պաշտպանութիւն ու վերահսկողութիւն։
Բ.- Լեզուին տէրն ու պահապանը ի վերջոյ ազգն է եւ ժողովուրդին կը պատկանի վերջին խօսքը՝ իր մայրենիին ուղղախօսութեան մէջ։ Կը նշանակէ, որ ի վերջոյ ազգը պառակտելու եւ այլասերման մատնելու կը ծառայեն իշխանութեան դիրքերէ կատարուող միջամտութիւնները, երբ ներհակ են դարերու ընթացքին զարգացած, մշակուած ու բարեփոխուած մայրենիի ուղղագրութեան, ինչպէս որ պատահեցաւ՝ խորհրդային ուղղագրութիւնը Հայաստանին ու հայութեան պարտադրելու 1922ի պետական որոշումով։
Գ.- Յատկապէս ազգային-պետական առումով կեդրոնախոյս ազգերու պարագային, ինչպիսին պատմականօրէն եղաւ հայութիւնը, միասնական կեանքի բացակայութիւնը պատճառ կը դառնայ մայրենիի բարբառային խոտորումներուն։ Մայրենիի ուղղախօսական եւ ուղղագրական միասնութեան մշակումն ու արմատաւորումը անպայման կը պահանջեն մասնագիտական վերահաս հեղինակութեան մը ստեղծումը, որպէսզի կանոնաւորէ եւ կարգաւորէ Լեզուին գործածութիւնը։ Բայց նման միջամտութիւններ պէտք չէ պատճառ դառնան մայրենիի աղքատացման՝ օտարամուտ եւ օտարամոլ հակումները օրինականացնելով, մանաւա՛նդ կաշկանդելով նոյնինքն ժողովուրդին կողմէ ժամանակի ընթացքին կատարուած նորարարութիւնները, որոնց հեղինակները ազգին մտաւորական եւ գրագէտ անհատականութիւնները կրնան ըլլալ միայն, ազատօրէն ստեղծագործելու նախապայմանով։
Հայ ժողովուրդը ուշ կամ կանուխ պիտի վերադառնայ Մեսրոպեան ուղղագրութեան՝ անշուշտ համադրումի եւ ինքնակատարելագործման բովէն անցնելով, Դասականի հարազատութիւնն ու լիարժէքութիւնը պատուաստելով Աբեղեանական պարզացումներով։
Իսկ այդ մէկը արդէն մտաւորական երկունքի մարտահրաւէր է, որուն հրամայականը շեշտելու կը ծառայէ տարեդարձը 25 Յունուար 1855ի Արգելքին։
Ն.