Յունուար 21ը ծննդեան տարեդարձն է արդի հայ գրականութեան լուսաւոր ու անմար աստղերէն բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ ազգային-հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի։
Հայ ժողովուրդի ազգային ճակատագրին ու ընդհանրապէս մարդ էակին ու կեանքին ողբերգականութիւնը կիզակէտը կազմեցին Վ. Թէքէեանի գրական-ստեղծագործական արարումներուն։ Խորապէս հայացման եւ մարդկայնացման առաջնորդող ժառանգութիւն մը եղաւ Թէքէեանի գրականութիւնը, որուն մղիչ ուժը մեծագիր ՍԷՐն էր։
Գերազանցապէս սիրոյ եւ խոհականութեան բանաստեղծը եղաւ Վահան Թէքէեան, որուն ստեղծագործութիւնը խորապէս ապրուած յոյզերու խոհուն, այլեւ խոկումի գեղեցկագոյն աշխարհ մը բացաւ հայոց սերունդներուն առջեւ։
Ամէնէն անձնական սիրոյ զգացումներն անգամ Թէքէեան գեղեցկօրէն բացաւ ընթերցողին առջեւ եւ երգ տուաւ իւրաքանչիւր սիրահարի, որպէսզի իր սեփական յոյզերը արտայայտելու եւ լիանալու իրա՛ւ ու անկրկնելի պահերը ապրի։
Ո՜վ չէ ապրած Թէքէեանի «Անունդ» խորագրով բանաստեղծութեան վերծանած յուզաշխարհը՝
Ինչո՞ւ անունըդ այստեղ չըկարենա՜մ գրել ես
Եւ աշխարհի չյայտնեմ, թէ քեզ ինչպէս սիրեցի...
Երկու վանկերը անոր ես կը զուրցեմ
գաղտնապէս,
Եւ ան ամբողջ կը թըվի սիրոյ մատեան մը ինձի...
Ինչո՞ւ անունըդ այստեղ չըկարենամ գրել ես...։
Հիմա, հեռո՛ւ իրարմէ՝ միայն անունըդ ունիմ
Բերնիս վըրայ, համբոյրի մը պէս
աննիւթ եւ անուշ...
Գիշեր ատեն, սենեակիս մենութեան մէջ մտերիմ,
Ես զայն կþըսեմ եւ ահա՝ քեզ կը տեսնեմ
քաղցրայուշ...
Հիմա, հեռու իրարմէ՝ միայն անունըդ ունիմ...։
Գեղեցկութիւնդ ու իմ սէրս յօրինեցին զայն կարծես...
Սիրտս՝ իր անդուլ տրոփմամբ
անընդհատ զա՛յն կը հեգէ
Թէպէտ վաղուց մտքիս մէջ քեզ
ամբողջ գոց գիտեմ ես.
Քեզ չըճանչցած ունէի՞ր դուն այդ անո՛ւնը միթէ...
Գեղեցկութիւնդ ու իմ սէրս յօրինեցին
զայն կարծես...։
Ո՛չ, չեմ ուզեր, չեմ կրնա՜ր ես
զայն յանձնել աշխարհի.
Երկու վանկովն իր կþուզեմ խնկել
իմ կեա՜նքս միայն,
Եւ երբ վերջի՛ն արեւիս վերջին ճաճա՛նչը մարի՝
Անունդ ի շուրթ դեռ կþուզեմ ողջունել այգը մահուան.
Ո՛չ, չեմ ուզեր, չեմ կրնա՜ր ես զայն
յանձնել աշխարհի...։
Անշուշտ իր պատեանին մէջ քաշուած կամ փղոսկրեայ իր աշտարակին մէջ վերացած բանաստեղծ մը չեղաւ Թէքէեան, որուն անձնական կեանքի դժբախտութիւնները, այլապէս, թերեւս բաւարար պատճառ կրնային ըլլալ, որպէսզի ան ինքնամփոփ կեանք մը ապրէր եւ, իր բանաստեղծութեանց առաջին հատորի (Փարիզ, 1901) խորագրին հետեւողութեամբ, միայն իր «Հոգերը» երգէր։
Բայց ո՛չ. 21 Յունուար 1878ին Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղը ծնած Վահանը, որ պատանի տարիքին համիտեան առաջին կոտորածները տեսած բանաստեղծը եղաւ, չէր կրնար ողջ էութեամբ չտառապիլ իր ժողովուրդի մեծ ցաւով։ Հայ ժողովուրդի կեանքին ամէնէն ծանր ու ողբերգական պահուն ապրելու ճակատագրուած Թէքէեանը, որ Պոլսոյ հռչակաւոր Ներսէսեան, Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ հայեցի իր կազմաւորումն ու հոգեմտաւոր պաշարը ստացաւ, չէր կրնար հեռու մնալ հանրային աշխոյժ գործունէութենէ։
Ան կեանքի ասպարէզ նետուեցաւ 18 տարեկանին՝ իբրեւ առեւտրական պաշտօնեայ 1896ին Եւրոպա ղրկուելով։ Բայց գրելու կոչումն ու ազգային-քաղաքական ծառայութեան յանձնառութիւնը Վահան Թէքէեանին աստիճանաբար մղեցին հանրային կեանքի ասպարէզ։ Կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ ժամանակի հայ մամուլին՝ Փարիզ թէ Պոլիս։ Իսկ 1900ականներու սկզբնաւորութեան, Գահիրէ հաստատուելէ ետք, մտերիմն ու գործակիցը դառնալով Պօղոս-Նուպար փաշայի, Վահան Թէքէեան ոչ միայն գրական ասպարէզի մէջ եռանդուն գործունէութիւն ծաւալեց, այլեւ գլխաւոր դրօշակիրներէն մէկը հանդիսացաւ ազգային-ազատական գաղափարախօսութեան։
Գահիրէ մէջ 1905ին հիմնեց «Շիրակ» գրական-մշակութային հանդէսը, որուն շուրջ համախմբեց ատենի համախոհ հայ մտաւորականութիւնը։ Արեւմտահայ մտաւորականութեան համար ծանր ժամանակներ էին։ Համիտեան հալածանքներուն հետեւանքով՝ Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան երիտասարդ սերունդը, որ ազգային ու յեղափոխական տրամադրութիւններով տոգորուած էր, Եւրոպա ապաստանած էր։ Իր կարգին Թէքէեան քալած էր նոյն ուղիով եւ հասած Գահիրէ, ուր հրատարակեց «Շիրակ»ը մինչեւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, որմէ ետք փութաց Պոլիս տեղափոխուելու եւ հոն հրատարակելու իր թերթը։
Պոլիս վերադարձը Թէքէեանի առջեւ լայն ասպարէզ բացաւ ոչ միայն գրական-ստեղծագործական աշխատանքի, այլեւ քաղաքական իր համոզումներուն ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալելու առումով։ Ականատեսը դարձաւ Ատանայի կոտորածին, որ խոր հետք ձգեց Թէքէեանի ազգային բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններուն վրայ։ Ան նաեւ եղաւ հիմնադիր անդամներէն մէկը Հայ Սահմանադրական-Ազատական կուսակցութեան (հետագային՝ 1920ին կազմուած Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նախակարապետներէն), որ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Օսմանեան Խորհրդարանի աշխատանքներուն մէջ։
Այդ տարիներու իր բանաստեղծութիւնները Թէքէեան 1914ին լոյս ընծայեց առանձին հատորով՝ «Հրաշալի Յարութիւն» անունով։ Նոյն տարին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ՝ ստանձնելու համար տեղւոյն նորահաստատ հայոց վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Զուգադիպութիւնը նախախնամական եղաւ Թէքէեանի համար, որովհետեւ Պոլսէն բացակայելով փրկուեցաւ հայ մտաւորականութեան գլխատման 24 Ապրիլի ծանրագոյն հարուածէն։ Բայց մինչեւ կեանքին վերջը չհաշտուեցաւ ճակատագրի այդ մահացու խաղին հետ։ Այդպէ՛ս դարձաւ գլխաւոր երգիչը հայ ժողովուրդի Խաչելութեան եւ Յարութեան։
Առաջին Աշխարահմարտի աւարտին հետ Թէքէեան դարձեալ փութաց Պոլիս, ուր ձեռնարկեց «Ժողովուրդի Ձայն» օրաթերթի հրատարակութեան։ Նաեւ ստանձնեց տնօրէնութիւնը Պոլսոյ հայոց Կեդրոնական վարժարանին։ Գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ այդ շրջանին կեանքի կոչուած Պօղոս-Նուպար փաշայի հայկական պատուիրակութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտահայ Համագումարի իրականացման մէջ։
Ազգային-քաղաքական պատմական վերիվայրումներով զատորոշուող եւ անկիւնադարձային այդ հանգրուանին բանաստեղծական բարձրորակ վկայութիւնն է 1920ին Թէքէեանի լոյս ընծայած «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս» հատորը։ Հոն կը գտնուին ոչ միայն Մեծ Եղեռնին, այլեւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Թէքէեանի անմահ բանաստեղծութիւնները։ Քեմալականներու իշխանութեան գլուխ գալէն ետք, Թէքէեան վերջնականապէս բաժնուեցաւ իր պաշտած հայաբոյր Պոլիսէն եւ հաստատուեցաւ Գահիրէ։ Ստանձնեց Ռամկավար պաշտօնաթերթ «Արեւ»ի խմբագրութիւնը եւ մինչեւ 4 Ապրիլ 1945ի իր վախճանը մնաց այդ պաշտօնին վրայ։ Այդ տարիներու իր ստեղծագործութիւնները լոյս տեսան «Սէր» (1933ին) եւ «Հայկական երգեր» (1943ին) բանաստեղծութեանց հատորներով։
Տարագրութեան այդ տարիներուն մեծ եղաւ Թէքէեանի ներդրումը նաեւ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային աշխոյժ կեանքի ստեղծման մէջ։ Իր այդ վաստակին ու նուիրումին առ ի գնահատանք՝ Ռ.Ա.Կ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ Թէքէեանի անունով կնքուեցան թէ՛ մշակութային միութիւններ, թէ՛ կրթական օճախներ։
Իր ծննդեան տարեդարձին, այս տարի, կեդրոնանալով Թէքէեան՝ Սիրոյ բանաստեղծին վրայ, կþարժէ հաղորդուիլ այնքան ժողովրդականացած եւ սիրուած Թէքէեանի բանաստեղծութիւններէն հետեւեալ երկու անմահ գործերով.
Աղուորները
Աղուորն ա՜ն է յաւիտեան,
որ անցաւ օր մը քովէդ
Եւ աչվընե՛րըդ օծեց,-
աստուածային այցելո՛ւ,-
Գեղեցկութեամբ մը,
որուն ա՛լ չդարձար նայելու,
Եւ չուզեցիր հանդիպել
անոր անգամ մըն ալ գէթ...։
Աղուորն ան է տակաւին,-
յաւիտեա՜նէ յաւիտեան,-
Որ նայուածքիդ արեւին տակ
կը մեծնար յամրօրէն,
Որ զերթ ծաղի՛կ մ’օրօրուող
գարնան անուշ հովերէն,
Երբ մեկնեցար՝ մտքիս մէջ
մընաց միշտ թարմ, մի՜շտ
բուրեան...
Եւ աղուո՛րը,- դուն գիտե՜ս
օրհնեալ անունը անոր,-
Անիկա՛ է, որ կարծես
պիտի կրնար քեզ սիրել,
Որ սէրդ անշուշտ գուշակեց
ու ըսպասե՜ց ակընկոր,
Որուն սակայն լաւ է,
որ չուզեցիր սի՛րտը խռովել...
Աղուորն անո՛նք են միայն,
որ տենչանքիդ ընդմէջէն
Անցան, գացի՜ն ու հիմա քեզ
հեռուէն կը կանչեն...։
Ահա՛ եւ թէքէեանական խոստովանութիւնը Սիրոյ՝
Ես սիրեցի
Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ՝
Զինքը որքա՜ն սիրեցի...
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ։
Ամէնէն մեծ հրճուանքիս,
Ամէնէն սուր վշտերուս
Ներշնչողները, աւա՜ղ,
Զիս չեն ճանչնար այս պահուս։
Խէրս կարծես այն գետն էր,
Որ իր հոսանքը անբաւ
Առաւ լերան ձիւներէն
Ու լեռը զայն չտեսաւ։
Սէրս այն դուռն էր կարծես,
Ուրկէ ոչ ոք մտաւ ներս.
Ծաղիկներով ծածկըւած՝
Գաղտնի պարտէզ մըն էր սէրս։
Ու եթէ սէրս ոմանք
Երկնքին վրայ՝ անսահմա՜ն
Տեսան ծուխի մը նման,
Կրակն անոր չտեսան...։
Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ՝
Զինքը որքա՜ն սիրեցի,
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ...։
Ն.