Խորհրդային դարաշրջանէն վերապրած սովորոյթի ուժով՝ 8 Մարտը յատուկ կարեւորութեամբ եւ տօնական տրամադրութեամբ կը նշուի Հայաստանի մէջ, իբրեւ Կանանց Միջազգային Օրը։
Ընդհանրապէս յետ-խորհրդային տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները կը պահպանեն Մարտ 8ի տօնական նշանակութիւնը՝ կին էակին մեծարանքը կատարելով, կանանց ծաղիկներ նուիրելով եւ սիրոյ ու գուրգուրանքի քաղցր խօսքերով եւ ելոյթներով ողողելով գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչները։

Թէեւ աշխարհի բոլոր ծագերուն այսօր կը նշուի Կանանց Օրը, բայց ամէնուր չէ, որ աշխատանքը դադար կ՛առնէ։ Նաեւ՝ աշխարհամասէ աշխարհամաս ու ժողովուրդէ ժողովուրդ, Մարտ 8ի Կանանց Միջազգային Օրը չի նշուիր միեւնոյն իմաստով ու խորհուրդով, բայց անպայման կին էակը յարգելու տօնական տրամադրութիւն կը ստեղծէ բոլորին մօտ։
Պատմական իրողութիւնը այն է, որ միայն քսաներորդ դարու եօթանասունականներուն Մարտի 8ն, իբրեւ «Կանանց Միջազգային Օր»ը, իր առանձնայատուկ տեղը  գրաւեց համաշխարհային տարողութեամբ տօնակատարուող Միջազգային Օրերու շարքին։
Մինչ այդ բացառապէս խորհրդային աշխարհին մէջ կը տօնուէր 8 Մարտը եւ այդ ալ, որոշապէս, իբրեւ «Միջազգային Աշխատաւոր Կանանց Օր»ը։ Իբրեւ այդպիսին՝ «հակադրամատիրական պայքար» խորհրդանշող պոլշեւիկեան ծիսական տօներէն մէկը դարձած էր 8 Մարտը։
Արեւմտեան Աշխարհի տարածքին անցեալ դարուն թափ առած կանացի ազատագրական շարժումները միայն 1970ականներուն յաջողեցան խորհրդային ու պոլշեւիկեան տօն մը նկատուելու իր սահմանափակումէն դուրս բերել 8 Մարտի Կանանց Օրը։ Արեւմտեան Եւրոպայի ընկերվար-ժողովրդավար շարժումին մասնակից կին գործիչները, հակախորհրդային դիրքորոշում ունեցող կանանց ժողովրդային հոծ բազմութիւնները ներգրաւելու ռազմավարութեամբ, հետեւողական ճիգ թափեցին եւ գաղափարախօսական ամբողջ գրականութիւն մը մշակեցին, որպէսզի կարենան պոլշեւիկեան վարկաբեկ կարգախօսներէն ձերբազատել 8 Մարտը։ Խորհրդայիններու ծաւալած հակակայսերապաշտական եւ հակաֆաշական հռետորութիւնը արագօրէն փոխարինուեցաւ «կանանց ազատագրութեան եւ այր մարդոց հետ հաւասարութեան» նուիրուած կոչերով։ Յատուկ ճիգ թափուեցաւ մանաւանդ արմատաւորելու համար այն մտածողութիւնը, որ Մարտ 8ը Կանանց Օր հռչակուեցաւ նախ Եւրոպայի ընկերվարականներուն կողմէ եւ պոլշեւիկներէն շատ առաջ։ Եւ սկզբնաւորման իր փուլին, 8 Մարտը կը խորհրդանշէր կանանց աշխատանքային պայմաններու բարելաւման եւ հասարակական-քաղաքական իրաւունքներու ձեռքբերման նպատակով մղուած պայքարներու միջեւ միջազգային զօրակցութիւնը։
Ճշմարտութիւնն ալ ա՛յդ է։ Մարտ 8ի Կանանց Միջազգային Օրուան նշումը իրապէս ծնունդ առաւ Արեւմուտքի մէջ։ Փաստօրէն մարդկային հասարակութեանց մէջ կնոջ տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ազատագրումին զօրակցելու գաղափարական խորհուրդով յատկանշուած ու յագեցած է աշխարհի բոլոր կիներուն «Օր» մը նուիրելու նախաձեռնութիւնը։
Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականին, որ 1910ի Օգոստոսին Քոփենհակընի մէջ գումարուած իր Համագումարին որոշեց Մարտ 8ն հռչակել «Միջազգային Կանանց Օր»։
Քսաներորդ դարու առաջին տարիներուն արագընթաց թափով մակընթացութիւն ապրած էին ինչպէս ընկերվարական կուսակցութիւնները ընդհանրապէս, այնպէս ալ կանանց արհեստակցական միութիւնները թէ՛ Եւրոպայի տարածքին եւ թէ, մանաւա՛նդ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Յատկապէս 1905ին, Նիւ Եորքի մէջ, կանանց շարժումներն ու կազմակերպութիւնները միացեալ նախաձեռնութեամբ փողոց իջած էին՝ բողոքի ցոյցերով իրենց իրաւունքները պահանջելու եւ ոգեկոչելու համար յիսնամեակը Նիւ Եորքի մէջ հիւսուածեղէնի մարզի աշխատող կանանց բողոքի մէկ ցոյցը բրտօրէն զսպելու ոստիկանական խստութեանց դէմ։ Աշխատանքի պայմաններու եւ աշխատավարձերու բարելաւման պահանջներով ու կիներու իրաւահաւասարութեան առաջադրանքով պայքարի ալիք մը արագօրէն արձագանգ եւ տարածում գտած էր աշխարհով մէկ։ Հետեւաբար, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կողմնորոշում ունեցող ամերիկեան ու եւրոպական կուսակցութեանց կին գործիչներն ու կանացի միաւորները առաջնահերթաբար իրենց պատկանած կուսակցութիւններէն սկսած էին պահանջել, որ միանան եւ ղեկավարեն կիներու անհաւասարութեան ու խտրականութեան ջնջման ի խնդիր սկսուած պայքարը։ Հրապարակ նետուած էր 8 Մարտը «Միջազգային Ընկերվարական Աշխատաւոր Կանանց Օր» յայտարարելու գաղափարը։
Այդպէս ալ եղա՛ւ։ Երկրորդ Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին որոշումը իր առաջին գործադրութիւնը ստացաւ 8 Մարտ 1911ին, երբ ամէնուր ընկերվարական կուսակցութիւնները միացան կանանց կազմակերպութեանց՝ միասնաբար բողոքի հաւաքներով եւ ցոյցերով նշելու համար «Միջազգային Կանանց Օր»ը։
Աւելի ուշ, Ռուսաստանի մէջ 1917ի պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, խորհրդային համայնավարութիւնը նորովի թափով «տէր» կանգնեցաւ «Կանանց Միջազգային Օր»ուան։ Ինչպէս ընկերվարական շարժման գլխաւոր բոլոր առաջադրութեանց պարագային, նոյնպէս եւ կանանց ազատագրութեան պայքարը «իւրացուեցաւ» խորհրդայիններուն կողմէ։ Պետական տօն հռչակեցին 8 Մարտը, բայց զայն պահեցին աշխատանքային օր։ Միայն 1965ին էր, որ Խ. Միութեան Գերագոյն Սովետի նախագահութեան հրամանագրով ոչ-աշխատանքային՝ արձակուրդի օր հռչակուեցաւ 8 Մարտը, բայց արդէն բողոքի ու պայքարի իր իմաստէն պարպուած էր եւ կանանց մեծարանքի տօնական առիթի վերածուած էր խորհրդային աշխարհի ողջ տարածքին, նոյնպէս եւ Հայաստանի մէջ։
Պատմական ճշմարտութեան սիրոյն պէտք է աւելցնել, նաեւ, որ ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականի 1910ի Քոփենհակընի համագումարին մասնակից Դաշնակցութիւնը, իբրեւ 8 Մարտը «Միջազգային Կանանց Օր» հռչակող որոշումին համահեղինակ կուսակցութիւններէն մէկը, առաջին օրէն իսկ ընկերային իր առաջադրանքներուն մէջ ամբողջապէս որդեգրեց կանանց իրաւահաւասարութեան պահանջը։ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին ալ, 1921ի Մարտ  8ին, «Միջազգային Կանանց Օր»ուան 10ամեակին առիթով, խորհրդային լուծէն ժամանակաւորապէս ազատագրուած Երեւանի մէջ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մարտի 8ի տօնը։
Հետեւաբար սոսկ հաճելի եւ աւանդութիւնը շարունակող անակնկալ մը չէր, որ այս տարուան Մարտ 8ի նախօրէին՝ Երէկ, Երեւանի մէջ, Դաշնակցութեան հայաստանեան ընտանիքը յարգանքի եւ մեծարանքի հանդիսութեամբ մը իր կարգին տօնեց 8 Մարտը՝ այդ առթիւ յայտարարելով, որ Դաշնակցութիւնը կողմ է Հ.Հ. Ազգային Ժողովի կազմին մէջ ներկայացուած կանանց համար օրէնքով ճշդուած 25% համեմատութիւնը բարձրացնելու 30 տոկոսի։
8 Մարտ է դարձեալ եւ աշխարհով մէկ կը նշուի Կանանց Միջազգային Օրը, որ իր սկզբնական գաղափարական մարտունակութենէն շատ բան կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ՝ տակաւին կը պահպանէ կանանց իրաւահաւասարութեան ի նպաստ կտրուած երկար ու դժուարին ուղին շարունակելու, ընկերային արդարութեան այդ մեծ շարժումը իր ամբողջական կենսագործումին առաջնորդելու պատգամն ու թելադրականութիւնը։
Մանաւանդ որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, թէեւ ուշացումով, 1979էն սկսեալ պաշտօնապէս «Կանանց Միջազգային Օր» հռչակած է 8 Մարտը։

Ն.