Փետրուարի այս օրերուն, 24 տարի առաջ, աշխարհի չորս ծագերէն միլիոնաւոր մարդիկ, սահմռկած աչքերով, հետեւեցան ազգային «մաքրազտման» քստմնելի ոճրագործութեան մը, որ  պատմութեան սեւ ու անմոռանալի էջերէն մէկը դարձաւ՝ «Սումկայիթի փոկրոմը» անունով։


Իսկ հայ ժողովուրդին համար մինչ այդ շատ բան չըսող ատրպէյճանական ծովեզերեայ քաղաք մը՝ Սումկայիթը «մանրանկար» հոմանիշը դարձաւ... Տէր-Զօրի եւ եղաւ վերջին կատաղի յորձանքը հակահայ թրքամոլութեան։
Այսօր արդէն մանրամասնօրէն եւ անվիճելիօրէն փաստագրուած են ահաւորութիւնն ու բարբարոսութիւնը Խ. Ատրպէյճանի իշխանութեանց իրագործած թրքատիպ Ոճիրին՝ Սումկայիթի հայ անզէն ու անպաշտպան բնակչութեան զանգուածային սպանդին։
Բայց 26-27 Փետրուար 1988ին ոչ ոք, ոչ իսկ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը կրնար հաւատալ, թէ քսաներորդ դարավերջին փաստօրէն կրկնար կրկնուիլ դա-             րասկիզբի մեծ եղեռնագործութիւնը՝ այս անգամ թէեւ մանրանկարային տարողութեամբ, այսուհանդերձ հայասպանական միեւնոյն մոլուցքին վայրագ ու սանձարձակ դրսեւորումով։
Միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող շրջանակները այսօր իրենք կը հաստատեն, թէ Սումկայիթի մէջ ազերի խուժանը, հաւաքագրուած, զինուած եւ ղեկավարուած քաղաքի ատրպէյճանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1988ի փետրուարեան այս օրերուն պետականօրէն ծրագրուած ու կազմակերպուած սպանդի ենթարկեց քաղաքի հայ բնակչութիւնը։
Միջազգային մամուլի էջերուն այսօր ալ տակաւին կը յամենան այնպիսի մեկնաբանութիւններ, թէ այդ ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ծաւալած Արցախեան պահանջատիրութիւնը պատճառ եղաւ ազգամիջեան լարուածութեանց սրումին՝ հայերու եւ ազերիներու միջեւ։ Բայց նոյնիսկ նման անհեթեթ եւ բռնազբօսիկ «արդարացումներ»ու հեղինակները չեն կրնար ուրանալ փաստացի իրողութիւնները եւ կը խոստովանին, թէ՝
- Հայաստանէն փախուստ տուած եւ Ատրպէյճանի տարբեր շրջաններն ու, անոնց կարգին, Սումկայիթ թափած ազերի գաղթականները առաւելագոյն չափով գործածուեցան ատրպէյճանեան իշխանութեանց կողմէ, որպէսզի ամբոխային գրգռութեանց քողով ծածկուի հայ բնակչութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ, այդ սպառնալիքով, Սումկայիթի եւ ամբողջ Ատրպէյճանի «տարածքէն» հայերը վտարելու ատրպէյճանեան մեծ ոճիրը։
Այսօր միջազգային շրջանակները իրե՛նք անուն-ազգանունով կը յիշատակեն Սումկայիթի իշխանաւոր այն դէմքերը, որոնք նախ հրահրեցին եւ, ապա, գազազած ամբոխին գլուխը անցած, նախապէս պատրաստուած ցուցակներու հիման վրայ, հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակում եւ երկօրեայ «արեան բաղնիք» կազմակերպեցին... Որոշապէս կը տրուի Ճահանկիր Մուսլումզատէ կոչուած Սումկայիթի Կոմկուսի առաջին քարտուղարին անունը, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած հայերու սումկայիթեան փոկրոմին, որուն շուտով պիտի հետեւէին Պաքուի եւ այլ վայրերու աւելի լայնածաւալ ոճիրները։
Սումկայիթի հայոց սպանդին մէջ պատասխանատուութեան իր բաժինը անկասկած ունեցաւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը։ Կրեմլի ղեկավարութիւնը շատ ուշ միջամտեց՝ ատրպէյճանեան եղեռնագործութիւնը սանձելու համար։ Իսկ երբ միջամտեց, քաղաքական իշխանափոխութեան կորպաչովեան խաղերուն համապատասխան շարժեցաւ՝ հայութեան բաժին հանուած ողբերգութեան նկատմամբ արդարադատ կեցուածք չճշդելով ու օրէնքով իսկ նախատեսուած՝ հատու եւ զսպիչ պատժի չենթարկելով յանցագործները։
Խորհրդային իշխանութիւնը օրին մինչեւ իսկ նսեմացնել փորձեց Սումկայիթի սպանդին տարողութիւնը։ Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի իբրեւ միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ հայ զոհերուն թիւը, մինչդեռ ականատեսներու եւ վերապրողներու անհերքելի վկայութիւններով ու տուեալներով՝ աւելի քան 200 անզէն ու խաղաղ բնակիչ հայերու արիւն հեղեցին ազերի ջարդարարները։
24 տարիներ անցած են Սումկայիթի այդ  սահմռկեցուցիչ եղեռնագործութեան փետրուարեան  սեւ օրերէն։ Հայեւատրպէյճանեան յարաբերութիւնները արեան եւ մահուան ամբողջ ճամբայ մը կտրած են Սումկայիթէն ասդին։ Բուն կռուա- խնձորը՝ Արցախը իրողապէս ազատագրուած եւ իր  անկախ Հանրապետութիւնը հաստատած է։ Բայց ցեղասպանական ոճիրի գնով հայկական իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին կþեռայ ատրպէյճանեան իշխանութեանց մէջ, ինչ անուն ալ կրեն անոնք։
Հայ ժողովուրդը Փետրուարի այս օրերուն կը սգայ եւ կþոգեկոչէ Սումկայիթի իր նահատակները, որոնք անլռելի վկաներն են հայաջնջումի թրքատիպ եղեռնագործութեան շարունակուող վտանգին։
Մինչեւ որ ցեղասպանը խոնարհի եւ ընդունի Հայկական Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։
Մինչեւ որ միջազգային ատեանով դատ ու դատաստան տեսնուի հայասպան այն եղեռնագործութեան, որուն ականատեսի մէկ, բայց աւա՜ղ ոչ միակ հետագայ վկայութեամբ կþեզրափակենք «Սումկայիթի փոկրոմ»ին ոգեկոչման նուիրուած այս էջը.
«Փետրուարի 27. ժամը 5ին թուրքերի ամբոխը ներխուժեց հարեւան հինգ յարկանի շէնքը... Ես իմ աչքերով տեսել եմ միայն Սաշայի եւ նրա տիկնոջ՝ Աւագեան Լոլայի ու քրոջ սպանութիւնը: Աղմուկ-աղաղակ էր, սուլոց: 100-150 հոգի էին: Մտան շքամուտք: Սաշային սպաննեցին շքամուտքի մօտ, խփում էին փայտերով, ոտքով, երկաթէ ձողերով, դանակահարում: Սաշայի քոյրը պատշգամբից գոռում էր, օգնութիւն կանչում: Ամբոխը, Սաշային մորթելուց յետոյ, բարձրացաւ նրա տուն, անմարդկային ոռնոց էր լսւում նրանց պատշգամբից, մի քանի ժամ յետոյ Սաշայի քրոջը խոշտանգուած վիճակում շպրտեցին 5րդ յարկից, իսկ տիկնոջը մերկացրած մօտ մէկ ժամ քարշ էին տալիս շէնքի բակում եւ բռնաբարում. կինը չդիմացաւ... Երեք հայերի յօշոտուած մարմինները մի քանի ժամ մնացին շէնքի բակում»... (ականատես Սէյրանեան Էլմիրայի վկայութիւնը)։


Ն.