Մարտ 7ի այս օրը կը յուշէ ծննդեան 175ամեակը հայ թատրոնի ճառագայթող դէմքերէն Գէորգ Չմշկեանի։
Տաղանդաւոր դերասան, բազմավաստակ բեմադրիչ եւ յառաջապահ թատերական գործիչ էր Գէորգ Չմշկեան։ Հայ մշակոյթի ոսկեմատեանին մէջ ան անմահացաւ իբրեւ արեւելահայ արհեստավարժ թատրոնի հիմնադիրներէն եւ իրապաշտ թատրոնի յառաջապահներէն մէկը՝ հանդիսանալով Գաբրիէլ Սունդուկեանի հանճարեղ գործերուն առաջին բեմադրողն ու գլխաւոր դերակատարը:

Յատկապէս «Պեպօ»ի կերպարը մարմնաւորուեցաւ եւ հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուեցաւ Գէորգ Չմշկեանի դերասանական մեծ տաղանդով։ Գ. Չմշկեան ոչ միայն իր խաղարկութեամբ հայ բեմին համար ստեղծեց «Պեպօ» կերպարը, այլեւ՝ ինչպէս որ առիթով մը, 2009ին, թատերագէտ ու հայրենի Ազգային Թատերական Ստեղծագործական Միաւորման (Ա.Թ.Ս.Մ.) նախագահ Արա Խզմալեան պիտի մատնանշէր «Առաւօտ» թերթին, Գ. Չմշկեան դերասանը ի՛նք ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ, որպէսզի Գ. Սունդուկեան ստեղծէ հայ թատրոնի յաւերժական կերպարներէն «Պեպօ»ն։ Ա՛յդ կը վկայէ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան ինք՝ նշելով, որ Չարչրկուած ճշմարտութիւն մը կայ. թատերական երկի կառուցուածքը պայմանաւորուած է բեմական իրականութեան առանձնայատկութիւններով եւ փաստենք, որ բոլոր տաղանդաւոր թատերագիրները ներսէն ճանչցած են թատրոնը, մասնաւորաբար՝ դերասանի արուեստը: Օրինակ՝ Շէյքսփիրը, Քորնէյլը, Ռասինը, Չեխովը եւ միւս երեւելիները ստեղծագործած են՝ նկատի ունենալով իրենց ժամանակի առաջատար արուեստագէտներն ու թատրոնները: Հայերուս պարագային ալ Սունդուկեանը գրած է՝ աչքի առջեւ ունենալով Գէորգ Չմշկեանի խաղարկութիւնը...»։
Գէորգ Չմշկեան ծնած է Թիֆլիս, 1837ի Մարտ 7ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ներսիսեան դպրոցին մէջ, 1847-50 տարիներուն։ 1854ին աւարտած է Թիֆլիսի Ռուսական Հողաչափական Ուսումնարանը եւ մինչեւ 1862 թուականը աշխատած է տարբեր քաղաքներու մէջ իբրեւ հողաչափ:
Թատերական իր գործունէութիւնը սկսած է 1863ին: 1864ին ստեղծած է հայ առաջին‘ Անկախ Դերասանական Ընկերությունը։ Հիմնադիրներէն եղած է մեծանուն «Մշակ» թերթին (1872ին) եւ Թիֆլիսի Թատերական Ընկերության (որուն քարտուղարը դարձաւ 1879ին, դերասանախումբին ղեկավարը ըլլալու իր հանգամանքին կողքին։ Իսկ 1908ին Գ. Չմշկեանի շնորհուեցաւ Հայոց Դրամատիկական Ընկերութեան պատուաւոր անդամի կոչումը։
«Հայկական Հանրագիտարան»ի տեղեկանքին համաձայն՝ «Չմշկեան հետեւած է ռուսական իրապաշտ թատրոնին, պայքարած է գեղարուեստական բարձրարժէք խաղացանկ ստեղծելու եւ բեմն արդի հասարակական խնդիրներուն ծառայեցնելու համար: Իր արուեստով նրբօրէն իրարու զուգակցած է ռոմանթիք յուզականութիւնն ու կեանքի իրական արտացոլումը։ Հայ թատրոնին մէջ հաստատած է Վիլեըմ Շէյքսփիրի, Ժան Մոլիէրի, Ալեքսանդր Օստրովսկիի, Նիկոլայ Գոգոլի, Գ. Սունդուկեանի թատերագրական արուեստը՝ նախընտրութիւնը տալով արդիական թեմաներով թատերախաղերու: 1864-90ական թուականներուն իր շուրջն է համախմբած հայ թատրոնի լաւագոյն ուժերը: Չմշկեան եղած է առաջինը, որ կապ է ստեղծած արեւելահայ եւ արեւմտահայ թատրոններուն միջեւ»:
Նստակեաց չեղաւ Գ. Չմշկեանի թատերական գործունէութիւնը։ Դերասանական տարբեր խումբերով շրջագայեցաւ հայաշխարհով մէկ՝ ելոյթներ հրամցնելով Շուշիի, Ալեքսանդրապոլի եւ Երեւանի մէջ։ Հիւրաշաղերով եղաւ նաեւ Գորի, Բաքու եւ այլուր: 1879ին Կոստանդնուպոլիսէն հայ թատրոնի հանճարեղ դերասաններ Պետրոս Ադամեանին եւ Սիրանոյշին հրավիրեց իր թատերախումբը‘ նպաստելով հայ դերասանական արուեստի զարգացման:
Ինչպէս նշուեցաւ, Չմշկեանի եւ Սունդուկեանի ստեղծագործական համագործակցութեամբ, հայ թատրոնի պատմութեան մէջ, հաստատուեցաւ իրապաշտական խաղաոճը: Չմշկեանը Պեպոյի առաջին եւ լաւագոյն դերակատարն էր հայկական եւ Թիֆլիսի վրացական բեմերուն վրայ:
Չմշկեան եղաւ առաջին հայ թատերական գործիչը, որ բեմադրեց Օստրովսկիի «Ուրիշի սահնակը մի նստիր» («Ով քու բաբը չէ, նրա հիդ մի ձգուէ» թիֆլիսեան հայաբարբառ վերնագրով) եւ Ալեքսանդր Սուխովօ-Կոբիլինի «Կրեչինսկու հարսանիքը» թատերգութիւնները, որոնց մէջ խաղացած է Վիխորեւի ու Կրեչինսկիի դերերը:
Չմշկեան ունեցաւ նաեւ թարգմանչական բեղուն գործունէութիւն։ Թարգմանած է (մօտ 20 թատերգութիւն) եւ բեմադրած է Շէյքսփիրի «Վենետիկի վաճառականը», «Օթելլօ»ն (հայ բեմի վրայ առաջինը ինք մարմնաւորեց Շայլոքի եւ Օթելլոյի կերպարները), «Թիմոն Աթենացի»ն, Վիկտոր Հիւկոյի «Անճելօ»ն եւ այլ գործեր:
Գ. Չմշկեան խաղացանկին մաս կազմած են ավելի քան 100 դերեր, որոնց շարքին՝ Քաջն Վարդան (Յակոբ Կարէնեանի «Վարդան Մամիկոնեան կամ Վարդանանց պատերազմ»ին մէջ), Օսեփ (Գ. Սունդուկեանի «Քանդած օջախ»), Փեթրուչչօ (Շէյքսփիրի «Անսանձ կնոջ սանձահարումը»), Տոն Ժուան (Մոլիէրի «Տոն Ժուան»), Կարլ Մուոր (Ֆրիդրիխ Շիլլէրի «Աւազակներ») եւայլն:
Գէորգ Չմշկեան եղաւ նաեւ բեղուն հեղինակ։ Գրած է «Իմ յիշատակարանը» յուշագրական երկը, որ լոյս տեսաւ 1953ին, Երեւան։ Ունի թատերգութիւններ՝ «Վարժուհի», «Միթոմ ոչինչ», «Երկու ընտանիքում» եւայլն։ Մամուլի էջերուն լոյս ընծայած է թատերական եւ հրապարակախօսական բազում յօդուածներ:
Հայ թատրոնի մեծ վաստակաւորին ծննդեան 175ամեակին նուիրուած այս հակիրճ անդրադարձը կþարժէ աւարտել, դարձեալ, Գաբրիէլ Սունդուկեանի եւ մանաւանդ անոր գլուխ¬գործոցը հանդիսացող «Պեպօ» թատերգութեան հետ Գէորգ Չմշկեանի անքակտելի կապին անդրադարձող հետեւեալ վկայութեամբ.
«Ըստ «Պեպօ» թատերգութեան ստեղծման նախապատմութեան, որ մեզի հասած է Գէորգ Չմշկեանի թողած «Յիշատակարան»ին շնորհիւ, Գաբրիէլ Սունդուկեան նոյնինքն Չմշկեանին թելադրած է Պեպոյի ձեռագիրը, որովհետեւ Սունդուկեան վատառողջ էր եւ ի վիճակի չէր գրելու: Թատերգութիւնը այդպէ՛ս գրուած է 1870ին։1871ին առաջին անգամ բեմադրուած է Թիֆլիսի հայկական թատրոնի բեմէն, իսկ գլխաւոր դերով հանդէս եկած է նոյնինքն Գէորգ Չմշկեան։ «Պեպօ»ն առաջին անգամ տպագրուած է 1876 թուականին»:

Ն.