- Details
- Category: Յուշատետր
Յունիսի 21էն 24ը երկարող այս օրերուն, որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ Յունիս 23ին, 116 տարի առաջ, 1896ին, «Գարահիսար լերան կրծքին՝ նա էլ ընկաւ վիրաւոր. կուրծքը պատռած, սիրտը խոցուած, չար թշնամու գնդակով»...
Այդպէս ծանրօրէ՛ն վիրաւոր, բայց մինչեւ վերջին շունչ կռիւը շարունակելով՝ հարիւրաւոր իր զինակիցներուն հետ նահատակուեցաւ անզուգական Պետոն։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յունիս 21ի այս օրը, 1904 թուականին, հայոց հինաւուրց քաղաք Արճէշի մերձակայքը, քիւրտերու կողմէ Խոջալլու անուանուած ձորակի մը մէջ, շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացած դաշնակցական ֆետայիներու զինատար խումբ մը կենաց-մահու կռիւ մղեց հարիւրաւոր զինեալ քիւրտերու դէմ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յունիս 20ի այս օրը, 101 տարի առաջ, մեր ժողովուրդը կորսնցուց մեծոգի հայորդի մը՝ Ղազարոս Աղայեանը, որ իր գրելու տաղանդով, մտաւորական շունչով եւ լուսամիտ ու անձնդիր ուսուցիչի վաստակով նուաճեց հայոց գալիք սերունդներու միտքն ու սիրտը ջերմացնող եւ ուղի լուսաւորող պատգամաբերի բարձունքը։
- Details
- Category: Յուշատետր
16 տարի առաջ, 1996ի Յունիս 19ի այս օրը, այցելութեամբ Փարիզ գտնուող հայազգի աշխարհահռչակ գիտնական մը՝ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան անակնկալօրէն սրտի կաթուած ունեցաւ եւ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեր աշխարհէն։
- Details
- Category: Յուշատետր
Երէկ՝ Յունիս 17ին, մերօրեայ աշխարհի մեծ ու փոքր ցաւերուն, այս օրերու կարեւոր թէ ընթացիկ վերիվայրումներու թոհուբոհին մէջ, երկրագունտի ո՛ր ափին վրայ ալ գտնուէր, հայու հոգին գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ զգաց ծանրութիւնը Պարոյր Սեւակի կորուստին։