Այսօր՝ 24 Մայիսին, կը լրանայ մահուան 84րդ տարելիցը հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն Թէոդիկի (Թէոտորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակներուն, դառնալով արժանահաւատ վկան հայոց նահատակութեան, յարութեան եւ վերապրումին։

Ամէն ազգ ալ ունի յատուկ անուններ, որոնք առանձինն բաւարար են ամբողջ ազգային յիշողութիւն մը արթնցնելու, տուեալ ազգի ապրող սերունդները ներկայէն վեր բարձրացնելու եւ անխտիր բոլորին համակելու ազգային ինքնաճանաչումի ու ազգային սրբազան պարտքը կատարելու հպարտութեան անմար, այլեւ յաւերժական խորհուրդով։

Մայիս 22 ին, 105 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան հայահոծ Պարտիզակ աւանին մէջ (Նիկոմիտիա), լոյս աշխարհ եկաւ հայկեան հանճարի երաժշտական շնորհներով օժտուած մանուկ մը, որ թէեւ միայն 40 տարի ապրեցաւ այս աշխարհին մէջ, բայց իր Գուրգէն Ալէմշահ անունով հայոց սերունդներուն եւ ընդհանրապէս երաժշտասէր մարդկութեան կտակեց հայկական երգարուեստին ու երաժշտութեան հմայիչ ջերմութիւնը տարածող անկորնչելի ժառանգութիւն մը։

21 Մայիսի այս օրը, 94 տարի առաջ, Կ. Պոլսոյ մէջ աչքերը առյաւէտ փակեց արեւմտահայ գրականութեան «կրտսեր ռոմանթիքներ»ու շարքին բանաստեղծի իր անկիւնը գրաւած Մկրտիչ Աճէմեան։
Ութսուն տարի ապրեցաւ եւ 1860ականներէն սկսեալ, արեւմտահայ գրականութեան անդաստանէն ներս, մնայուն ներկայութիւն մը եղաւ համեստ տաղանդի տէր այս բանաստեղծն ու թարգմանիչը։

18 Մայիսը, 112 տարի առաջ, անմոռանալի օր մը դարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։
1900ի այս օրը հայ ֆետայիները արդար վրէժը լուծեցին Սերոբ Աղբիւրի անարգ սպանութեան եւ գլխատումին։
Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի եւ Սպաղանաց Մակարի գլխաւորութեամբ, հայ ֆետայիները գործադրեցին Պշարէ Խալիլի ահաբեկման ու գլխատման դաշնակցական որոշումը։