30 Յունիսի օրը, 1914 թուականին, պատմական նշանակութեամբ քաղաքական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն եւ ատենի թրքական պետութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի միջեւ։

Յունիս 28ի այս օրը կ'ոգեկոչենք մահուան տարելիցը 19րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքի ռահվիրաներէն Կարապետ Իւթիւճեանի։
Ամբողջ փաղանգի մը արժանաւոր յառաջապահներէն էր այս անխոնջ հրապարակագիրն ու ազգային գործիչը, որ, 19րդ դարու երկրորդ կիսուն իր հրատարակած «Մասիս» թերթով, մայրուղի բացաւ հայ մտքի եւ գրականութեան յառաջխաղացքին առջեւ։

Յունիս 27ի այս օրը, 186 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան կեդրոնական հրապարակներէն Էթ Մէյտանի կամ Սուլթանահմէտ Մէյտանի վրայ, օրուան սուլթան Մահմուտ Բ.ի հրահանգով՝ մինչ այդ Թրքական Բանակի ընտրանին ու փառքը հռչակուած Ենիչերիները հազարներով սպաննուեցան...

Յունիս 26ի այս օրը, 151 տարի առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ հայահոծ Պեշիկթաշ թաղամասին մէջ ծնաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներէն Գրիգոր Զօհրապ, որուն գրական-ստեղծագործական եւ ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութեան բրտօրէն վերջակէտ դրին թրքական իշխանութիւնները 1915ին, երբ ձեռնարկեցին հայ ժողովուրդին դէմ իրենց պետականօրէն ծրագրած ու կազմակերպած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին գործադրութեան։


Յունիսի այս օրերուն, 134 տարի առաջ, ռազմաքաղաքական հիմերը դրուեցան նոր ժամանակներու համաշխարհային կարգին։
1878ի 13 Յունիսէն մինչեւ 13 Յուլիսը երկարող միամսեայ ժամանակաշրջանին, կայսերական Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինը դարձաւ ժամադրավայրը այսպէս կոչուած «Հին Աշխարհ»ի մեծ տէրութեանց գագաթի «Վեհաժողովին»։