Յուլիս 13ին, տասը տարի առաջ, վախճանեցաւ աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտ լուսանկարիչ մը՝ Եուսուֆ Քարշը, որ բացառիկ տաղանդը ունէր կեանքն ու մարդիկը խորապէ՛ս դիտելու, մանաւանդ՝ մեծ եւ անզուգական անհատականութեանց նկարագրին ու յուզաշխարհին խորագոյն ճշմարտութեան պահերը որսալու եւ այդ ամէնը, լուսանկարչական իր ոսպնեակով, իբրեւ գեղարուեստական բարձրորակ ստեղծագործութիւններ, յաւերժութեան յանձնելու։

Յուլիս 12ի այս օրը, 91 տարի առաջ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ խորտակուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազատ ու անկախ վերջին տարածքը եւ միջնաբերդը՝ Լեռնահայաստանը եւս յանձնուեցաւ Կարմիր Բանակի տիրապետութեան։
Հայոց նորագոյն պատմութեան դառն ու դաժան պահերէն մէկը կը խորհրդանշէ 12 Յուլիս 1921ը, որովհետեւ այդ օր հայ ժողովուրդը իր ազատութեան եւ անկախութեան վերջին արծուեբոյնը զիջեցաւ Հայաստանին պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան։

Յուլիս 11ը, Մ.Ա.Կ.ի որոշումով, 23 տարիէ ի վեր կը նշուի իբրեւ «Աշխարհի Բնակչութեան Օր»ը։
11 Յուլիս 1987ին, երբ երկրագունդի բնակչութեան թիւը անցաւ 5.000.000.000ը, աւելի լաւ ու բարօր աշխարհի մը պահանջով թափ առած միջազգային շարժումները սկսան ճնշում բանեցնել Մ.Ա.Կ.ի վրայ, որպէսզի կայացնէ աշխարհի բնակչութեան միջազգային Օր մը հաստատելու որոշումը, զայն նուիրելով մարդկութեան ժողովրդագրական ապագան բարելաւելու առաջադրանքին։

10 Յուլիսի այս օրը, 171 տարի առաջ, թուրքերը հրկիզեցին Զմիւռնիա քաղաքին հայկական թաղամասը։
Թէեւ հայոց պատմութեան արդի շրջանի ժամանակագրութեանց մէջ հետեւողականօրէն կը յիշատակուի 10 Յուլիս 1841ի Զմիւռնիոյ հրդեհը՝ իբրեւ քաղաքի հայկական թաղամասին դէմ թուրքերու գործած անարգ ոճիրը, այսուհանդերձ՝ ցանուցիր յիշատակութիւններէ անդին անցնող եւ հակահայ այդ յանցագործութեան սպառիչ տեղեկագրումն ու արժեւորումը կատարող գրականութեան դժուար է հանդիպիլ։


9 Յուլիսի այս օրը, 76 տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ վերջ գտաւ 35ամեայ կեանքը Աղասի Խանջեանի, որ 20րդ դարասկիզբի հայ քաղաքական ականառու գործիչներու շարքին իր ուրոյն տեղը ունի իբրեւ նահատակուած կերպարը հայ պոլշեւիկ-համայնավար յեղափոխականի ու սովետահայ պետական ղեկավար գործիչի։