Թէեւ Հայաստանի պետական տօները հաստատող 1995ի օրէնքով նախատեսուած չէր 15 Յունիսի այսօրուան տօնը, այսուհանդերձ՝ 2009ին հասարակական նախաձեռնութեան կարգով հրապարակ նետուեցաւ Հ.Հ. Պետական Խորհրդանիշներու Օր տօնելու գաղափարը, որ կառավարութեան հաւանութեան արժանանալով՝ ամենամեայ տօնի վերածուեցաւ յատուկ օրէնքով եւ 2010էն ասդին, երրորդ տարին ըլլալով, կը նշուի պետական ու ժողովրդային մեծ շուքով։


Առաջադրուածը, փաստօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան Դրօշին եւ Պետական Խորհրդանիշներուն Օրը տօնելն էր պաշտօնապէ՛ս, որպէսզի իրենց նշանակութեամբ եւ խորհրդանշած արժէքներով՝ Եռագոյն Դրօշը, Զինանշանը եւ «Մեր Հայրենիք» Օրհներգը տարին օր մը վերանորոգէին դաստիարակչական իրենց ներգործութիւնը՝ հայոց սերունդներու ազգային մտածողութիւնը, հայեցի ներշնչումը եւ հպարտութիւնը արմատաւորելու ուղղութեամբ։
Նոյնիսկ քառորդ դար առաջ, երբ Հայաստան տակաւին ենթակայ էր խորհրդային բռնատիրութեան, իսկ հայկական սփիւռքի տարածքին միայն Դաշնակցութիւնն ու անոր համակիր բազմութիւնները սրբութեան պէս կը պահպանէին եւ ազգային առիթներով կը պարզէին Եռագոյնը, կը յիշեցնէին Հայաստանի Հանրապետութեան (Մայիս 28ով կերտուած) Զինանշանը ու կը հնչեցնէին «Մեր Հայրենիք»ը, ոչ ոք կրնար երեւակայել անգամ, որ այսքան արագ ու արմատական փոփոխութենէ պիտի անցնէր աշխարհն ու հայ կեանքը։ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը անխուսափելի հռչակող եւ լուսաւոր այդ օրուան հանդէպ աներեր հաւատք ներշնչող մեր բանախօսներն անգամ իբրեւ իրականանալի երազ կը քարոզէին, թէ պիտի գար օրը եւ մեր սերունդները բախտը պիտի ունենային տեսնելու, վայելելու եւ վկայելու, թէ ինչպէ՛ս խորհրդահայ ուրացումի դատապարտուած ու խծբծանքի առարկայ դարձած Եռագոյնը, Զինանշանը եւ «Մեր Հայրենիք»ը ոչ միայն պետականօրէն պիտի վերարժեւորուէին, այլեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօներու շարքին 15 Յունիսը պիտի նուիրագործուէր իբրեւ Հ.Հ. Պետական Խորհրդանիշներու Օրը։
Հայոց նորագոյն պատմութեան անիւը արագ ու արմատական փոփոխութեան իր այս փուլը թեւակոխեց 1988ին, Արցախեան Պահանջատիրութեան համաժողովրդական պոռթկումի բուռն ալիքին հետ, երբ հարիւր հազարաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած հաւաքներու եւ ցոյցերու տեսագրութիւնը աշխարհին փոխանցող լրատուութեանց մէջ յանկարծ տեսանելի դարձաւ Եռագոյն Դրօշի ծածանումը։ Ոչ ոք կը հաւատար տեսածին եւ իրաւացի զարմանքով ու արդար հպարտութեամբ բոլորս հարց կու տայինք իրարու, թէ ճիշդ կը տեսնէի՞նք, եռագո՞յնն էր ծածանողը հայրենի մեր ժողովուրդին ձեռքը...
Շուտով հաստատուեցաւ, թէ այո՛, ճի՛շդ էր, Երագոյ՛նն էր։
Ի հեճուկս խորհրդային 70ամեայ լուծին, հայ ժողովուրդը հայրենի հողին վրայ սրբազան մասունքի պէս պահպանած էր Մայիս 28ի եւ Հայաստանի անկախութեան Աւանդը՝ իր խորհրդանիշներով հանդերձ։
Հայաստանի անկախութեան վերականգնման քայլ առ քայլ յառաջխաղացքին հետ, առաջին ոստումը արձանագրեցինք 1990 թուականի Օգոստոս 24ին, երբ Մայիս 1990ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համաժողովրդային շարժումը փայլուն յաղթանակ տարաւ եւ, տակաւին «Խորհրդային Հայաստան»ի իրաւավիճակով ապրող մեր հայրենիքին մէջ, նորընտիր Գերագոյն Խորհուրդը ընդունեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի մասին» օրէնք։ Մէկ օր առաջ, Օգոստոս 23ին, Գերագոյն Խորհուրդը ընդունած էր Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը, որ «Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն» պաշտօնական խճճուած անուանումը փոխարինեց կարճ ու կտրուկ եւ իմաստալից «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով։ 1918ին կերտուած Հայաստանի անկախութեան եւ Հանրապետութեան աւանդները վերականգնելու Հռչակագրի առաջադրանքը իր առաջին կիրարկումը գտաւ մէկ օր անց, երբ Օգոստոս 24ին ընդունուեցաւ Եռագոյնը իբրեւ պետական դրօշ վերականգնող օրէնքը, որ նաեւ ճշդեց, թէ Հայաստանի «Պետական դրօշը եռագոյն է՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագույն հորիզոնական հաւասար շերտերով (վերեւից ներքեւ)»:
Այդ օրերուն դեռ իրականացած չէր 21 Սեպտեմբեր 1991ի Անկախութեան հանրաքուէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք անկախացումը։ Աւելի քան մէկուկէս տասնամեակ ետք էր, որ 15 Յունիս 2006ին հաստատուած «Հ.Հ. Պետական Դրօշի մասին» օրէնքով, իր իրաւական ամրագրումը ստացաւ Եռագոյնին քաղաքական վերականգնումը օրէնքի հետեւեալ տարազումով.
«Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է՝ վերեւից ներքեւ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով: Կարմիր գոյնը խորհրդանշում է Հայկական Բարձրաւանդակը, հայ ժողովրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար: Կապոյտ գոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի ներքոյ: Նարնջագոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը: Դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան չափերի յարաբերութիւնն է՝ 1:2ի»:
Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Մայիս 28ի խորհրդանիշներուն վերարժեւորման ուղղութեամբ երկրորդ քայլը նետուեցաւ 1991ի Յունիս 1ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդը որոշում կայացուց եւ իբրեւ մեր երկրի պաշտօնական պետական օրհներգ ընդունեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920) օրհներգը՝ «Մեր Հայրենիք»ը, Միքայէլ Նալբանդեանի ծանօթ բանաստեղծութեան հետեւեալ խմբագրումով.

Մեր Հայրենիք, ազատ անկախ,
Որ ապրել է դարէ դար
Իր որդիքը արդ կանչում են
Ազատ, անկախ Հայաստան։

Ահա եղբայր քեզ մի դրօշ,
Զոր իմ ձեռքով գործեցի
Գիշերները ես քուն չեղայ,
Արտասուքով լուացի։

Նայիր նրան երեք գոյնով,
Նուիրական մէկ նշան
Թող փողփողի թշնամու դէմ
Թող միշտ պանծայ Հայաստան։

Ամենայն տեղ մահը մի է
Մարդ մի անգամ պի՛տ մեռնի,
Բայց երանի՝ որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:

Հայ ժողովուրդի պետական երրորդ խորհրդանիշին՝ Հ.Հ. Զինանշանին որդեգրումը տեղի ունեցաւ 1992ի գարնան, երբ արդէն միջազգային օրէնքով ճանչուած անկախ պետութիւն էր Հայաստանը։ 19 Ապրիլ 1992ին ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանի մասին» օրէնքով, Հ.Հ. Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ, «վերականգնուել է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920թթ.) զինանշանը, որի հեղինակներն են (1919ին հաստատուեցաւ Զինանշանը - Ն.) ճարտարապետ, Ռուսաստանի Գեղարուեստի Ակադեմիայի ակադեմիկոս Ալեքսանդր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյանը:
Զինանշանի պարագային եւս Հայաստանի կառավարութիւնը 2006ի Յունիս 15ին որդեգրեց լրացուցիչ օրէնք՝ «Հ.Հ. պետական Զինանշանի մասին», ուր հետեւեալ նկարագրութիւնը եւ բացատրութիւնը օրէնքով ամրագրուեցան.
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է՝ կենտրոնում՝ վահանի վրայ պատկերուած են Արարատ լեռը՝ Նոյեան տապանով եւ պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններից չորսի՝ վերեւից ձախ՝ Բագրատունիների, վերեւից աջ՝ Արշակունիների, ներքեւից ձախ՝ Արտաշիսեանների, ներքեւից աջ՝ Ռուբինեանների զինանշանները: Վահանը պահում են արծիւը (ձախից) եւ առիւծը (աջից), իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի հիմնական գոյնն է ոսկեգոյնը, պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններինը՝ վերեւից ձախ՝ կարմիր, վերեւից աջ՝ կապոյտ, ներքեւից ձախ՝ կապոյտ, ներքեւից աջ՝ կարմիր, եւ կենտրոնում՝ վահանի վրայ պատկերուած Արարատ լեռը՝ նարնջագոյն: Նշուած գոյները խորհրդանշում են Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյները»:
Ահա այսպիսի՛ ազգային ու պատմական աւանդներու խտացումը կը խորհրդանշեն վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Դրօշը, Օրհներգը եւ Զինանշանը, որոնց նուիրուած է Յունիս 15ի այս օրը տօնակատարուող Հ.Հ. Պետական Խորհրդանիշներու Օրը։


Ն.