Յուլիս 6ի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան նոր ժամանակներու Նահապետին՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի։
Ստեղծագործելու եւ ուսումնասիրելու, գիտութիւն ամբարելու եւ ճանաչումի իր անսպառ պաշարը անմնացորդ բաշխելու, այլեւ ու մանաւանդ սերունդներ Հայկեան Հանճարի պաշտամունքով դաստիարակելու անմահ գործին ռահվիրան եղաւ Ալիշան։

Յուլիս 5ի արեւը չծագած, 104 տարի առաջ, այս աշխարհէն յաւէտ բաժնուեցաւ հայ գրականութեան ամէնէն գեղապաշտ բանաստեղծը՝ Միսաք Մեծարենց։
Գեղեցիկի պաշտամունքը կատարելութեան հասցնող բառերու, պատկերներու եւ զգայնութիւններու առինքնող աշխարհ մը արարեց Մեծարենց, որ ճակատագրուած էր ապրելու միայն 22 տարի...

Յուլիս 4ի այս օրը, աշխարհի չորս ծագերուն, մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր բեմական արուեստի անմոռանալի դէմքերէն Մհեր (Ֆրունզիկ) Մկրտչեանի։

Վերանկախացեալ Հայաստանի ազգային¬քաղաքական վերիվայրումներուն ենթահողը ճանչնալու համար, չի բաւեր 1988ին բռնկած Արցախեան պահանջատիրութեան վրայ կանգ առնել, աւելի ճիշդ՝ այդ օրերու համաժողովրդային շարժումէն սկսիլ հայ ազգային ինքնաճանաչման սերտողութիւնը։

Յուլիս ամսու առաջին այս օրերուն, 99 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը ներկուեցաւ ազգային փոքրամասնութեանց պատկանող քաղաքացիներու, յատկապէս հայերու եւ յոյներու արեամբ։