Յունիս 12ի այս օրը ծնած է հայկական գեղանկարչութեան եւ գծագրական արուեստի տաղանդաւոր դէմքերէն Արա Վաղինակի Պեքարեանը, որուն անունը արժանացած է մեծն Մարտիրոս Սարեանի եւ մեծատաղանդ Յակոբ Կոջոյեանի կողքին յիշատակուելու պատիւին։

Ուշագրաւ է, որ Արա Պեքարեան ծնած էր Աֆիոն Գարահիսար (Թուրքիա), Մեծ Եղեռնէն երկու տարի առաջ, քաղաքի հայկական վարժարաններուն մէջ դասատու՝ վաստակաւոր ուսուցիչներ Պեքարեաններու ընտանեկան յարկին տակ։
Հանրագիտական տեղեկութիւնները ժլատ են հռչակաւոր նկարիչի կենսագրութեան մանրամասներուն վերաբերեալ։ Ծանօթ է, որ 1932ին Արա Պեքարեան աւարտած է Երեւանի Գեղարդ Տեխնիկումը՝ Վ. Գայֆէջեանի եւ Ս. Առաքելեանի մօտ։ Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Լենինկրատի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ, որմէ վկայուած է 1939 թուին։ Անմիջապէս զինուորագրուած է խորհրդային բանակ, որուն շարքերէն ներս ծառայած է Երկրորդ Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան՝ յատկապէս Ֆիննական ռազմաճակատին վրայ։
Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն եւ զօրացրումէն ետք, վերադարձած է Հայաստան եւ 1945էն մինչեւ իր մահը՝ 1986ին, դասախօսական պաշտօն ստանձնած է Երեւանի Պետական Գեղարուեստական-Թատերական Ինստիտուտի մէջ։ Հասցուցած է գեղանկարիչներու եւ գծագրիչներու ամբողջ սերունդ մը։ 1945ին արժանացած է Հայաստանի Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչի կոչման, 1964ին ստացած է Փրոֆեսորի տիտղոս, իսկ 1965ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Ժողովրդական Նկարիչի կոչումով։
Արա Պեքարեան սկսած է նկարել շատ կանուխ տարիքէն։ Առաջին անգամ իր գործերը ցուցադրուած են 1930 թուականին, երբ հազիւ 17 տարեկան էր։ Անհատական ցուցահանդէսով իր գործերը առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուցած է Երեւանի մէջ, 1947ին։ Նոյնպէս անհատական ցուցահանդէսով հանդէս եկած է Մոսկուայի մէջ՝ 1964ին։ Կանոնաւորաբար մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու՝ ինչպէս Երեւանի ու Մոսկուայի, նոյնպէս եւ արտասահմանի տարածքին, արժանանալով արուեստի քննադատներու եւ հանրութեան գնահատանքին ու ջերմ ընդունելութեան։
Իր ստեղծած գործերուն լաւագոյն նմոյշները մնայուն ցուցադրութեան արժանացած են Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գեղարուեստական Ֆոնդին ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Ֆոնդին մէջ։ Մեծ է թիւը մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ պահուող Արա Պեքարեանի ստեղծագործութիւններուն, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Գեղանկարչութեան կողքին Արա Պեքարեան յատուկ կարեւորութեամբ իր արուեստն ու ժամանակը նուիրած է գիրքերու ձեւաւորման ու նկարազարդումին։ Հայ դասական գրականութեան շարք մը գլուխ¬գործոցներու գեղարուեստական ձեւաւորումը կապուած է Արա Պեքարեանի անունին, ինչպէս Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի»ն, Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը եւ Յովհաննէս Թումանեանի «Քաջ Նազար»ը։
Հռչակաւոր են Արա Պեքարեանի «Վահան Տէրեան»ի դիմանկարն ու «Աշտարակ» եւ «Օշական» կտաւները։

Ն.

Աֆիոն-Գարահիսարը այսօր 160 հազար բնակչութեամբ քաղաք է Թուրքիոյ մէջ, Կեդրոնական Անատոլիա սարահարթի արեւմտեան մասին մէջ, ծովի մակարդակէն 1034 մեթր բարձրութեան վրայ, Աքար գետի միջին հոսանքի եզրին: Համանուն նահանգի վարչական կենդրոնն է, երկրի երկաթուղային եւ ճանապարհային կարեւոր հանգոյց մըն է: Ունի հաշիշի հումքի մշակման գործարան, ցիմենթի եւ սնունդի արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւններ:
Աֆիոն¬Գարահիսարը կը գտնուի սեւ փրփրաքարային ժայռի՝ Գալէի (200 մեթր) ստորոտը, որուն պատճառով ալ կոչուած է «Գարահիսար» («Սեւ Ժայռ»): Որպէսզի տաբերուի միւս «Գարահիսար»ներէն (Թուրքիոյ տարածքին կան հինգ այլ «Գարահիսար»ներ), այս քաղաքին տուած են Աֆիոն-Գարահիսար անունը՝ անոր շրջակայքը աֆիոնի (ափիոն) մշակման եւ մեծածախ կեդրոն ըլլալուն պատճառով: Աւելի վաղ ժամանակներուն կոչուած Գարահիսար ի Սահիպ եւ Աֆիոնի Սեւ Դղեակ:
Հայերը Աֆիոն-Գարահիսարի մէջ բնակութիւն հաստատած են երեք դարէ աւելի, 16րդ դարու վերջերէն մինչեւ Մեծ Եղեռնի օրերը: 1914 թուականին Աֆիոն-Գարահիսարը ունէր 27.000 բնակիչ, որուն 8000ը հայ էր (ըստ այլ աղբիւրի մը՝ 1915 թուին հայերը 15.000 էին, թուրքերու 45.000ին դիմաց: Քաղաքին մէջ կը գործէին հայկական երկու առաքելական (Ս. Աստուածածին եւ Ս. Թորոս) ու մէկ բողոքական եկեղեցիներ, հայկական վեց վարժարան եւ մէկ մանկապարտէզ:
Հայերը քաղաքաբնակ էին՝ հիմնականին մէջ արհեստաւորներ կամ առեւտրականներ . շրջակայ գիւղերուն մէջ հայեր չէին ապրեր: Անոնց մէկ մասը զոհ գնաց 1895ի Համիտեան Կոտորածներուն, իսկ միւս մասը 1915 թուականին՝ Մեծ Եղեռնի ժամանակ: