121 տարի առաջ, 1891ի այս օրը՝ Յունիս 8ին (հին տոմարով՝ Մայիս 27ին), 48 տարեկանին, ծայր աստիճան չքաւորութեան մէջ եւ հիւծախտի հետեւանքով ուժաքամ եղած, հայ կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ մեծ Մարդ մը եւ նոյնքան մեծ Հայ մը՝ Յակոբ Պարոնեան։

Թէեւ մեր սերունդներու հայեցի կրթութեան եւ հիմնական ընթերցումներու գրասեղանին դրուած չէ, գրական-իմաստասիրական ամէնօրեայ սնունդի համար, մեծարժէք ժառանգութիւնը Պաղտասար Դպիրի, բայց որքան թափ կ'առնէ ազգային մեր արմատներուն վերադառնալու հոգեմտաւոր ինքնաճանաչման շարժումը, այնքան կը պայծառանան դէմքն ու գործը հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքը առաջնորդած այս երախտաշատ լուսաւորիչին, որուն ծննդեան 329րդ տարեդարձն է Յունիս 7ի այս օրը։

Հայ գրականութեան եզակի դէմքերու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը ունի բանաստեղծ ու արձակագիր, գեղանկարիչ ու իմաստասէր, մանկավարժ եւ հոգեբան Ինտրա, որուն նահատակութեան 91րդ տարելիցն է այսօր՝ Յունիս 6ին։

Յունիս 5ի այս օրը, 194 տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներէն Գէորգ Ախվէրտեանց (Յախվերդեան), որ իբրեւ բժիշկ, բանասէր, գիտնական մարդ եւ մշակութային գործիչ՝ 19րդ դարու կէսերուն հինական ներդրում ունեցաւ արեւելահայ զարթօնքի խթանման ու հունաւորման մէջ։

«Կ'անցնին բոլոր վէրքերն ու բոլոր յուսահատութիւնները, բոլոր նուաստացումներն ու բոլոր ստրջանքները,- ինչ որ կը մնայ հայ մանուկն է հայրենի հողին վրայ: Ահա այս պէտք է ըլլայ մեր Ալֆան ու մեր Օմեղան, մեր ճշմարտութիւնն ու մեր արդարութիւնը: Թող այս օտար եզերքներուն վրայ մեր վերջին երգը լռէ յաւիտեանս յաւիտենից, միայն թէ հայ շինականը լուսաբացին կարենայ իր զուարթութիւնը մրմնջել: