Երէկ՝ Յունիս 17ին, մերօրեայ աշխարհի մեծ ու փոքր ցաւերուն, այս օրերու կարեւոր թէ ընթացիկ վերիվայրումներու թոհուբոհին մէջ, երկրագունտի ո՛ր ափին վրայ ալ գտնուէր, հայու հոգին գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ զգաց ծանրութիւնը Պարոյր Սեւակի կորուստին։
41 տարի առաջ, Յունիսի այս օրը, ինքնաշարժի ճամբու արկածի մը զոհ գնաց հայ ժողովուրդի հանճարեղ բանաստեղծներուն մե՛ր ժամանակակիցը։
Դժուար էր հաւատալ եւ օրին միայն ծառայամիտները ուզեցին հաւատալ ու հաւատացնել, թէ 17Յունիս 1971ին պատահած եւ Պարոյր Սեւակի մահուան պատճառ դարձած ճամբու արկածը իսկութեան մէջ այդպիսին էր՝ սովորական ճամբու արկած մըն էր։
Բայց խորհրդային ամբողջատիրութեան ժամանակներն էին եւ որքան ալ բարձրագոռ հնչեցին աշխարհով մէկ սփիւռքի հայութեան թերահաւատութիւնն ու ընդվզումը, պաշտօնապէս պարտադրուեցաւ պետական բացատրութիւնը Սեւակի մահուան պարագաներուն մասին։
Սեւակ զոհ գնաց ճամբու արկածի՞...
Ո՛չ. ո՛չ եւ միշտ ո՛չ։
Պարզապէս Սեւակը բրտօրէն պոկեցին, խլեցին եւ ընդմիշտ հեռացուցին հայ ժողովուրդէն եւ Հայաստանէն։
Այո՛, Հայաստանն ու հայութիւնը այդպէ՛ս յանկարծակի, չարաբաստիկ օր մը, առյաւէտ կորսնցուցին իրենց բազմադարեան ձայներուն, գոյներուն եւ խոհերուն՝ Հայ Հոգիի եւ Հայկեան Հանճարի ամէնէն վաւերական էատարրերուն կենսուրախ մարմնաւորումը, որ դեռ յիսուն տարեկան չէր եղած եւ այնքա՜ն ճառագայթող հասունացման տարերքին մէջ կը գտնուէր։
Վաղաժամ լռութեան դատապարտուեցաւ հայ գրականութեան մեծագոյն ձայնաւորներուն վերջին անմահը, որ իր կենդանութեան արդէն նուաճած էր Հայաստանի ու հայութեան «անլռելի զանգակատուն»ը շնչաւորելու յաւերժական բարձունքը։
Եթէ արդարադատ ենք, ապա անպայման պէտք է խոստովանինք ու ընդունինք, որ Սեւակի բանաստեղծութեամբ, ինչպէս եւ անոր եղերական մահով՝ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը փակեցին հազարամեակներու մեր պատմութեան խաւարանիստ փուլերէն մէկը, 70ամեայ խորհրդային լուծի ժամանակաշրջանը, որ բիրտ ուժով հայութեան պարտադրեց «սովետական մարդ»ու եւ «սովետական հոգեկերտուածք»ի ծանր բեռը։
Աւազանի անունով Պարոյր Ռաֆայէլի Ղազարեան՝ Սեւակ ծնած էր 26 Յունուար 1924ին, Արարատի շրջանի Չանախչի (Սովետաշէն) գիւղը, որ այսօր «Զանգակատուն» կը կոչուի, ի յիշատակ ստրկամիտ լռութիւնը ճեղքած եւ հայու էութիւնը բարձրաձայն շնչաւորած մեծ բանաստեղծին։
Հայ գրականութեան անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը եղաւ Սեւակ։ Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին՝ ան միացուց հայ գրողի գիտական պատրաստութիւնն ու բանասիրական¬մշակութային հարուստ պաշարը։ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը 1945ին աւարտելէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին, Սեւակ ընդունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս։ 1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու Միութեան քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ հրապարակախօս։
Պարոյր Սեւակ արգասաբեր գրիչ ունէր։ Անկախ առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բանաստեղծական գործերէն՝ «Անհաշտ Մտերմութիւն» (1953), «Սիրոյ Ճանապարհ» (1954), «Նորից Քեզ Հետ» (1957), «Անլռելի Զանգակատուն» (1959), «Մարդը Ափի Մէջ» (1962), «Եղիցի Լոյս» (1971) եւ «Ձեր Ծանօթները» (1971) գործերէն, ինչպէս նաեւ 1969ին հրատարակուած «Սայաթ¬Նովա» մենագրութենէն, Սեւակի ժառանգութեան մաս կը կազմեն հայ մամուլի էջերուն ցրուած թէ անտիպ ու կիսաւարտ մնացած գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։
Այս առումով է, փաստօրէն, որ 41 տարի առաջ, 17 Յունիսին, փորձեցին բրտօրէն կտրել ստեղծագործական բազկերակը հայ ժողովուրդին։
Բայց Սեւակի արժէքով մեծութիւններ ծնող Հայկեան Հանճարին կարելի չէ լռեցնել։
Այսօր արդէն, ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ, հազուադէպ կարելի է հանդիպիլ պնդողներու, թէ պատահական արկածի զոհ գնաց մեծ բանաստեղծը։
Չարիքի Կայսրութիւնը՝ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը տխրահռչակ էր իր գործած ոճիրներուն հետքերը ծածկելու, խեղաթիւրելու կամ նենգափոխելու «հնարամտութեամբ»։ Նաեւ բոլոր կարգի կայսրութիւններուն յատուկ է պետական ահաբեկչութիւնը կատարելագործելու միեւնոյն հոգեբարոյական խաթարուածութիւնը
Եւ կարելի է ամենայն վստահութեամբ արձագանգել 2007ին լոյս տեսած Սերգէյ Գալոյեանի «Պարոյր Սեւակ. Զուտ Սովետական Սպանութիւն» երկու հատորով գրքի այն եզրակացութեան, թէ՝
«Պարոյր Սեւակի սպանութեան մանրամասները ուսումնասիրելիս, վարկածները համեմատելիս այն եզրակացութեան եկայ, որ այսպիսի սպանութիւնները բնորոշ են միայն սովետական հասարակարգին։ Գրքում ներկայացուած են հիմնականում փաստեր եւ փաստաթղթեր, որոնք խօսում են այն մասին, որ Պարոյր Սեւակին կարող էին սպանած լինել ինչպէս ուժային կառոյցները, այնպէս էլ պատահական անձինք... Երբ ուսումնասիրում ես Սեւակի ստեղծագործութիւնները եւ կեանքը, տեսնում ես, որ նրան հոգեբանօրէն կարող էին սպաննել իր կողքի մարդիկ...»։
Նման «կողքի մարդիկ» կային, դժբախտաբար, նաեւ ու մանաւանդ Սեւակի կեանքին մէջ։
Անմահն Պարոյր Սեւակի անժամանակ կորուստին ծանրութիւնը մեղմելու եւ սփոփելու թող ծառայէ «Ապրել» խորագրով իր բանաստեղծութեան մէջ խտացած Սեւակեան իմաստուն խոհերուն հետ հաղորդութիւնը.
ԱՊՐԵԼ
Ապրե՜լ, ապրե՜լ, այնպէ՛ս ապրել,
Որ սուրբ հողըդ երբեք չզգայ քո աւելորդ ծանրութիւնը:
Ապրե՜լ, ապրե՜լ, այնպէ՛ս ապրել,
Որ դու ինքդ էլ երբեք չզգաս քո սեփական մանրութիւնը:
Ու թէ յանկարծ անպէտքութիւն քեզ համարես,
թէ ինքըդ քեզ արհամարհես
ու յամառես,
քեզ հետ վիճի՛,
քեզ չզիջի՛,
համբերատար քեզ հետ խօսի՜,
հակառակո՛ւմ քեզ համոզի
ինքը... հզօր Հանրութիւնը...
Ապրե՜լ, ապրե՜լ, այնպէ՛ս ապրել,
Որ ուրիշի խինդով խնդաս,
Որ ուրիշի ցնծութիւնով
Ինքդ էլ ցնծաս, ինքդ էլ թնդաս:
Լինես, մնաս ամէնքի հետ,
Նրանց կամքին հպատակուես,
«Ես»ըդ խառնես մեծ «մենք»ի հետ,
Նրանց ցաւով լուռ տապակուես:
Տրուես նրանց լոյսի նման
Եւ չխաբես՝ յոյսի նման:
Արշալոյսի նման բացուես
նրա՛նց համար,
Վերջալոյսի նման բացուես
նրա՛նց համար:
Թէ լաց լինես՝ նրանց համար,
Թէ բաց լինես՝ նրանց համար:
Եւ հա՜ց լինես նրանց համար՝
հոգեւոր հա՛ց,
Քեզ նրանցով կեանքում զինես
Եւ նրանցով կեանքում լինես
ոգեւորուա՜ծ:
Եւ նրանցով կեանքում լինես
թոյլ կամ ուժեղ,
Եւ նրանցով կեանքում լինես
բոյլ կամ մժեղ:
Թշուառ՝ ինչպէս անապաստան,
Հարուստ՝ ինչպէս լայն տափաստան...
Ապրե՜լ, ապրե՜լ, ապրել այնպէ՛ս ,
Որ նրանց հետ մթնես - ամպես,
Եւ նրանց հետ շանթարձակուես.
Մէկտեղ յանկարծ ընդարձակուես,
Մէկտեղ դառնաս գունդուկծիկ.
Մէկտե՜ղ բացուես, մէկտե՜ղ փակուես՝
Ինչպէս նամակ եւ կամ բացիկ...
Ապրե՜լ, ապրե՜լ, ապրել մէկտե՛ղ,
Կեանքդ խառնել նրանց կեանքին,
Տառապանքդ՝ տառապանքին,
Ջանքդ՝ ջանքին,
Ցանքդ՝ ցանքին,
Եւ ենթարկուել նրանց կամքին,
Նրանց կամքն էլ քեզ ենթարկել,-
Դառնալ ե՛ւ շանթ, ե՛ւ շանթարգել...
Ն.