Յունիս 20ի այս օրը, 101 տարի առաջ, մեր ժողովուրդը կորսնցուց մեծոգի հայորդի մը՝ Ղազարոս Աղայեանը, որ իր գրելու տաղանդով, մտաւորական շունչով եւ լուսամիտ ու անձնդիր ուսուցիչի վաստակով նուաճեց հայոց գալիք սերունդներու միտքն ու սիրտը ջերմացնող եւ ուղի լուսաւորող պատգամաբերի բարձունքը։

Հայկական մանկագրութեան արժանաւոր ռահվիրան եղաւ Ղազարոս Աղայեան, որ ոչ միայն բանիւ, այլեւ՝ գործով ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայ նորահաս սերունդներու բազմակողմանի զարգացման եւ անոնց՝ իբրեւ գիտակից մարդու եւ հայու՝ լիարժէ՛ք կազմաւորման։
Հայեցի կազմաւորման իր առաջին քայլերը նետող ամէն հայ մանուկ անպայման սորված է եւ կեանքի ընթացքին քաղցրագոյն ապրումներով շարունակ մտաբերած է «Յիշողութիւն» խորագրով Աղայեանի անմահ քերթուածը.

Ծիծեռնակը բոյն էր շինում,
Ե՛ւ շինում էր, ե՛ւ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝
Առաջուայ բոյնն էր յիշում։

Մէկ անգամ էր նա բոյն շինել
Եւ շատ անգամ կարկատել,
Բայց այս անգամ վերադարձին
Բոյնն աւերակ էր գտել։

Այժմ նորից բոյն էր շինում,
Ե՛ւ շինում էր, ե՛ւ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝
Առաջուայ բոյնն էր յիշում։

Նա յիշում էր անցած տարին
Իր սնուցած ձագերին,
Որոնց ճամբին յափշտակեց
Արիւնարբու թշնամին։

Բայց նա կրկին բոյն էր շինում,
Ե՛ւ շինում էր, ե՛ւ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝
Առաջուայ բոյնն էր յիշում։

Իր դարու յառաջադէմ մտածողներէն էր Ղ. Աղայեան, որ համալսարանական յատուկ ուսում չունեցաւ, բայց ինքնաշխատութեամբ եւ ինքնազարգացումով յաջողեցաւ ոչ միայն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան ներհուն ճանաչողութիւնը խորացնել, այլեւ՝ իր ժամանակի հասարակագիտական եւ մանկավարժական նորարար շարժումներուն հետ գաղափարական խոր կապ հաստատել եւ, այդ բոլորին լոյսին տակ, նորոգման հորիզոններու բանալ հայ կեանքը, յատկապէս նորահաս սերունդներու հայեցի կրթութիւնը։
Իբրեւ մանկավարժ-տեսաբան՝ Ղազարոս Աղայեան ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կտակեց մեր ժողովուրդին։ Գրքունակ չեղաւ բնաւ, այլ կենսափորձով բիւրեղացուց նորահաս հայորդիներու դաստիարակութեան ծայր աստիճան պատասխանատու գործը։ Պատգամեց, որ՝
- Յաճախ շատ գիտուն պրոֆեսորը պիտանի չէ որպէս ուսուցիչ:
- Դաստիարակելու համար ոչ թէ երկար ժամանակ է հարկաւոր, այլ կարճ ժամանակի խելացի օգտագործում:
- Աշակերտը պիտի հասկանայ, մարսէ ամէն բան, ինչ որ սովորում է վարժապետից, որպէսզի նա ոչ թէ մի անշունչ բառագիրք դառնայ, այլ նախապատրաստուի լինել կենդանի եւ առողջ դատողութիւն ունեցող խելօք մարդ:

Ղ. Աղայեան մարմնաւորեց մոմի պէս լոյս բաշխող եւ հալող արժանաւոր Հայ Ուսուցիչի դասական կերպարը, որովհետեւ ոչ միայն տիրապետած էր գիտելիքին եւ զայն փոխանցելու մանկավարժական վարպետութեան, այլեւ՝ անհուն սէր ունէր դէպի իր խնամքին վստահուած հայ մանուկն ու պատանին։ Պաշտամունքի աստիճան խոր սէր, որ կը ներշնչուէր սեփական ժողովուրդին անմեռ արժէքները նորերուն փոխանցելու եւ, այդ ճամբով, ազգային մեր մեծ ժառանգութիւնը վերանորոգելու գաղափարական յանձնառութենէն։ Որոշապէս իր ժամանակի հայոց Ազգային Զարթօնքը յառաջ մղելու յանձնառութիւնը եղաւ Ղ. Աղայեանի մղիչ ուժն ու առաջնորդող սկզբունքը։ Հաւատաց իր ժողովուրդի աշխատասիրութեան եւ անոր վրայ խարսխեց մանկավարժական իր ողջ փիլիսոփայութիւնը։ Աշխատասիրութիւնը միայն խօսք եւ քարոզ չէր այս մեծ հայուն համար։ Իր անձին ու կեանքին կենդանի օրինակով դաստիարակեց սերունդները, որոնց շարունակ յիշեցուց, թէ լիարժէք մարդ դառնալու համար նախա
պայման են երկու հիմնական սկզբունքներ. Նախ մայրենի լեզուի պաշտամունքը, ապա՝ մարդուն տրուած աստուածային գերագոյն պարգեւը, որ սէրն է դէպի մարդն ու մարդկայինը.-
- Բաւական չէ ազգասէր եւ հայրենասէր ըլլալը, պէտք է քիչ մըն ալ լեզուասէր ըլլալ. պէտք է սիրել, պաշտել, գգուել հարազատ մօր հարազատ լեզուն: Այս սերմը միայն կը բանայ մեր առջեւ լեզուի անհատնում ճոխութիւնը, անոր նրբութիւնը եւ քաղցրութիւնը:
- Տէ՜ր Աստուած, ինչե՜ր ես դրել մարդու հոգում քո մի եռատառ բառովդ, որ է՝ Սէր:
Ղ. Աղայեան ծնած էր 1840ին, Ապրիլ 4ին, Բոլնիս-Խաչէն (այժմ՝ Վրաստանի մէջ) հայաբնակ գիւղը։
Սկզբնական կրթութիւնը ստա-ցաւ ծննդավայրի Շամշուլդա-  գիւղի քահանայ Տէր Պետրոսի մօտ։ 1853ին ընդունուեցաւ Թիֆլիսի Ներսիսյան դպրոցը. մէկ տարի յետոյ ինքնակամ հեռացաւ դպրոցէն։ Այնուհետեւ իր գիտելիքները լրացուց ինքնակրթութեամբ։
Աշխատանքի ասպարէզ մտաւ իբրեւ գրաշար՝ Թիֆլիսի մէջ, ապա՝ Մոսկուա եւ Ս. Փեթերսպուրկ։ 1867ին վերադարձաւ Անդրկովկաս. նշանակուեցաւ Ս. Էջմիածնի տպարանի կառավարիչ եւ խմբագրեց «Արարատ» ամսագիրը (1869-70)։
Այնուհետեւ, իբրեւ ուսուցիչ, դասաւանդեց Ախալցխայի, Ալեքսանդրապոլի, Երեւանի եւ Շուշիի թեմական դպրոցներուն մէջ (1870-1882)։ Շրջան մը նաեւ եղաւ Վրաստանի եւ Իմերեթիայի հայկական դպրոցներու թեմական տեսուչ։
Իբրեւ հրապարակագիր՝ նախ աշխատեցաւ «Փորձ» հանդէսի խմբագրութեան մէջ իբրեւ քարտուղար։ Գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ «Աղբիւր» մանկական պատկերազարդ ամսագրի խմբագրումին մէջ։
1880ականներէն աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց նաեւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մէջ։ 1895ին ցարական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուեցաւ՝ Հնչակեան կուսակցութեան պատկանելու մեղադրանքով. աքսորուեցաւ Նոր Նախիջեւան, ապա՝ Ղրիմ (1898-1900)։ Այնուհետեւ, մինչեւ կեանքին վախճանը, գտնուեցաւ ցարական ոստիկանութեան հսկողութեան տակ։
1902ի Մայիսին մեծ շուքով տօնուեցաւ Ղ. Աղայեանի գրական գործունէութեան 40ամեակը
Վախճանեցաւ 1911 թուականի Յունիս 20ին, Թիֆլիս։
Ղ. Աղայեան իր ետին թողուց հարուստ եւ բազմաժանր գրականութիւն։
Առաջին տպագիր գործը եղաւ «Հարկաւոր է օգնել չքաւորներին» բանաստեղծութիւնը, որ լոյս տեսաւ «Մեղու Հայաստանի» օրաթերթին մէջ, 1862ին։ Իր «Արութիւն եւ Մանուէլ» գործով (1867), Աղայեան հիմը դրաւ ինքնակենսագրական վէպին՝ հայ նոր գրականութեան մէջ։ Վէպը անողոք պայքարի կոչ է խաւարին ու յետամնացութեան դէմ՝ ընթանալով Աբովեանի բացած ուղիէն։
Աղայեանի գեղարուեստական արձակի ուշագրավ նմուշներէն են՝ «Երկու քոյր» վիպակը, «Բաժանութիւն»ը, «Սէրը արտաքսուած» գործը։  Մշակած է «Քէօրօղլի» վիպերգութեան երեք դրուագներ։ Մարդկային յարաբերութիւններու մասին Աղայեանի իդէալն աւելի ամբողջականօրէն արտայայտուած է «Տորք Անգեղ» երկարաշունչ բանաստեղծութեան մէջ (1888), որուն ատաղձը Մ. Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» մէջ եղած առասպելն է Անգեղեան Տորքի մասին։
Բայց յատկապէս մեծ ժողովրդականութիւն ունեցաւ Աղայեան մանկական գրականութեան ասպարէզին մէջ։ Մանկական բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Սրինգ հովուական»ը լոյս տեսաւ 1882ին, յաջորդը՝ «Բանաստեղծություններ»ը, 1890ին։ Հեքիաթները մեծ կշիռ ունեցան Աղայեանի ստեղծագործական վաստակին մէջ։ Ան հեքիաթը կը համարէր իրական աշխարհի ու կեանքի ճշմարտացի պատկերման, մանուկներու դաստիարակութեան կարեւորագոյն միջոց եւ հետեւողականօրէն կը պաշտպանէր չարին կռուով յաղթելու սկզբունքը։ Աղայեանի հեքիաթներուն հերոսները անձնական բարօրութիւնը կը ստորադասեն հանրային երջանկութեան գաղափարին։ Իր «Անահիտ» հեքիաթը (1881) հայ հեքիաթագրութեան լաւագոյն նմուշներէն մկը կը նկատուի։
Իսկ մանկավարժական իր գործերու շարքին առանձին յիշատակութեան արժանի է Աղայեանի «Ուսումն մայրենի լեզուի» դասագիրքերու շարքը՝ նախակրթարանի Ա, Բ, Գ, Դ. դասարաններու համար։ Շուրջ 40 տարի (1875-1916) Աղայեանի այս դասագիրքը եղաւ ամենատարածուած այբբենարանը ատենի հայ դպրոցներուն մէջ։
Ղազարոս Աղայեանի մեծ երկրպագուներէն էր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը, որուն վկայութեամբ կ'արժէ աւարտել հայկական մանկագրութեան ռահվիրային ոգեկոչման նուիրուած յուշատետրի այս էջը.
«Նա ունեցել է խոր հաւատ ու յարգանք դէպի իր գրիչը, գրելը համարել է մի սրբազան արարողութիւն. գրիչ առնելիս կարողացել է վերանալ եւ նրա բանաստեղծական աշխատանքն էլ եղել է միշտ վեհ, իդէալական, մաքուր, մանկական։
«Նա երբեք ընկճուած չի եղել հոգով եւ որտեղ յայտնուել է, իր հետ տարել է երիտասարդական թարմութիւն եւ բանաստեղծական ոգեւորութիւն։ Նա ոգեւորուել է ամէն բանով, ինչ որ լաւն է, գեղեցիկ է։
«Եւ նրա հրճուանքն ու զայրոյթը միշտ եղել են անկեղծ, սրտալի։ Դրա համար էլ նրան շատ են սիրել. սիրել են նոյնիսկ այնպիսի մարդիկ, որոնք երբեւիցէ սխալ են համարել նրան»։


Ն.