«Տասնմէկ տարեկան էի, երբ զրկուեցի դպրոցից,  ուսուցիչներից: Այնուհետեւ գրքերը դարձան իմ ուսուցիչները, իմ դաստիարակները, լեռնականի իմ անտաշ հոգին յղկողները»։
Ինքնակենսագրական այս խոստովանութեան հեղինակն է հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն աշխարհը ստեղծած, գիրքն ու բնութիւնը ուսուցիչ ընտրած եւ պարզ ու բարի մարդոց կեանքն ու մարդկային հոգիի ազնուագոյն գեղեցկութիւնները լոյսին յանձնած Վախթանգ Անանեանը, որուն ծննդեան տարեդարձն է այսօր։

Ռազմական   կազմակերպուածութեամբ
դիմադրութեան գաղափարը  խարսխող պատմական  դէպքը

115 տարիներ առաջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն հազիւ եօթ տարի ետք, կը ծրագրուէր եւ կ'իրագործուէր Խանասորի արշաւանքը: 1897ի Յուլիս 25ին, մէկ օրուայ մէջ, Դաշնակցութեան ֆետայիները կը յաջողէին խոր տպաւորութիւն ստեղծող յարձակումը կա- տարել, որ խիստ ազդարարութիւն մը պիտի դառնար՝ ուղղուած հայութեան թշնամիներուն:

Յուլիս 25ի այս օրը, 115 տարի առաջ, թրքական եւ ռուսական կայսրութեանց միջեւ կռուախնձոր դարձած Հայաստան Աշխարհը ապրեցաւ ռազմաքաղաքական իր վերականգնումին հպարտառիթ պահը։

1923 թուականի Յուլիս 24ի այս օրը սեւ էջ մը բացուեցաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան յուշատետրին մէջ՝ խորհրդանշելով Հայկական Հարցի մեծապետական ուրացումը եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն շուրջ լռութեան պատ հիւսելու պատեհապաշտութիւնը։

Յուլիսի այս օրերուն, 184 տարի առաջ, պատմական Հայաստանի հինաւուրց Գուգարաց աշխարհը կ'ապրէր բախտորոշ, այլեւ դարակազմիկ պահեր։
23 Յուլիս 1828ին, երիտասարդ եւ ռազմունակ զօրավարի մը՝ Իվան Պասկեվիչի հրամանատարութեամբ, ռուսական զօրքը յաջողեցաւ կոտրել անառիկ բերդաքաղաք Ախալքալաքի թուրք զօրքերուն բուռն դիմադրութիւնը եւ գրաւեց զայն։