Քսան հոգիէ աւելի վիրաւորուեցան (քաղաքացիներ եւ ոստիկաններ) Մատրիտի մէջ ոստիկանական ուժերու եւ «Վրդոված»ներու շարժումին մասնակցող քաղաքացիներու միջեւ բախումներուն ընթացքին: Փուէրթա Տէլ Սոլ հրապարակին վրայ տեղակայուած

2011ի Յուլիս 31-ին հնդկահայոց հոգեւոր հովւութիւնը Կալկաթայի (Հնդկաստան) Սուրբ Նազարէթ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տօնեց հայ անուանի երաժիշտ Մակար Եկմալեանի ծննդեան155-ամեակը:
Երեկոն սկսաւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի երգչախումբի կատարմամբ մեծ երգահանի «Ով հայոց Աստուած» երգով, որուն յաջորդեցին մեծանուն յօրինողի շարք մը ստեղծագործութիւններ:

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մի քանի օրեր առաջ ստացաւ Նոյեան Տապանի մնացորդներէն մասնիկ մը՝ տարի մը առաջ Արարատ լեռ բարձրացած ու Նոյեան Տապանի հետքերը գտած իտալացի Թիթօ Տէ Լուքային կողմէ:

Յառաջիկայ 18-20 Օգոստոս 2011-ին Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ համասփիւռքեան համագումար մը՝ նուիրուած արեւմտահայերէնին: Համագումարին սկիզբը վեհափառը իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ համագումարի բոլոր նիստերուն ու մօտէն հետեւի համագումարի աշխատանքներուն:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ  ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԽՈՐԱՊԷՍ  ՄՏԱՀՈԳ

Տնտեսական հետազօտութեանց բրիտանական կեդրոնը զեկոյց մը հրապարակեց, անդրադառնալով Իտալիոյ եւ Սպանիոյ տնտեսութեան հնարաւորութիւններուն, ուր դիտել կը տրուի թէ Իտալիա   լըրջօրէն կը դիմագրաւէ սնանկացման վտանգը. նոյն պահուն, քիչ մը աւելի լաւատես կը ներկայանան գնահատումները՝ Սպանիոյ պարագային: