ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մի քանի օրեր առաջ ստացաւ Նոյեան Տապանի մնացորդներէն մասնիկ մը՝ տարի մը առաջ Արարատ լեռ բարձրացած ու Նոյեան Տապանի հետքերը գտած իտալացի Թիթօ Տէ Լուքային կողմէ:

Նոյեան Տապանի յիշեալ կտորը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իտալացի լեռնագնացին կողմէ, Մխիթարեան Միաբանութենէն հայր Վահան Օհանեան: Յայտնենք, որ իտալացի լեռնագնացը տարի մը առաջ այցելութիւն տուած էր Անթիլիասի Մայրավանքը: Վեհափառ հայրապետին թելադրութեամբ Նոյեան Տապանի այս մասունքը պիտի զետեղուի Կիլիկիա թանգարանին մէջ: