Մօտաւորապէս տարիէի մը ի վեր համացանցի վրայ կը գտնուի Վահան Նահապետեանի եւ Մանան Մկրտչեանի նախաձեռնութեամբ ձայնադարան մը 
www.audiodaran.com հասցէով:

Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան կը պատրաստուի պաստառի վրայ ներկայացնել Վէսթ Մէմֆիսի եռեակի պատմութիւնը: Եռեակի այս գործը, որ տակաւին իր տրամաբանական աւարտին չէ հասած, վաւերագրական ժապաւէններու շարքով նկարահանուած է «Կորուսեալ դրախտ» անունով:

Նկարչական Ցուցահանդէս Նախատեսուած է Հայկական Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Վանեցի նկարիչ Հայտար Էքինէք Կիրակի  Սեպտեմբեր 11ին Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած պատարագին առիթով, պիտի ներկայացնէ «Իմ ծնած հողերուս մէջ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան հովերը» խորագրով նկարներու ցուցահանդէս:

«Հնարաւորութիւններ եւ մարտահրաւէրներ Հայաստան-Ուրուկուայ երկկողմ յարաբերութիւններու» խորագրով սեմինար մը կը կազմակերպուի Սեպտեմբեր 9ին, Ուրուկուայի Օրէնսդիր Պալատի նախասրահին  մէջ, նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան  20-րդ տարեդարձին եւ Ուրուկուայի ազատագրութեան գործընթացի երկուհարիւրամեակին:

Զուիցերիա  արժեզրկեց ֆրանքը


Դրական եղաւ օտար դրամանիշի եւրոպական շուկաներու արձագանգը, Զուիցերիոյ Կեդրոնական Դրամատան երէկուան յայտարարութեան  կապակցութեամբ, որ եւրօի համարժէք նկատեց զուիցերիական ֆրանքը: