- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ համոզում յայտնեց, թէ Եւրոպան զօրացած դուրս պիտի գայ Եւրոգօտիէն ներս դիմագրաւուող տնտեսական տագնապէն: «Համոզումս հաստատ է, որովհետեւ յայտնի է այլեւս թէ բոլորը՝ աջ եւ ձախ, համաձայն են թէ հիմնական փոփոխութիւններու պէտք է դիմենք, որպէսզի կարողանանք մրցունակ դառնալ» ըսած է Պարոզօ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Քիչեր կրնան յանդգնութիւնը ունենալ մահուան դէմ յանդիման կանգնելու, արհամարհելու զայն եւ ի գին նահատակութեան կառչելու իրենց գաղափարներուն, սկզբունքներուն, մտքին, հոգիին ու խղճին ձայնին: Այդ քիչերէն էր համայն հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան հպարտութիւն ներշնչող եւ իր նահատակութեամբ պատգամ փոխանցող գաղափարապաշտ, տիպար դաշնակցական եւ նուիրեալ հայորդի Մհեր Ջուլհաճեան, որուն յիշատակին նուիրուած արժանավայել հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբերին, Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
ԹՈՔԻՕ
26 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին արեւմտեան Ճափոնը հարուածած Թալաս մրրիկի հետեւանքով: Երկրի նոր վարչապետ Եոսոհիքօ Նոնտա խոստացաւ շարունակել փրկարարական աշխատանքները: Ըստ BBCի հաղորդած լուրերուն՝ տասնեակ գիւղեր առանձնացած են հեռաւոր շրջաններու մէջ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Փարիզի «Ֆրանս 2» հեռատեսիլէն «Vivement Dimanche» խորագրով յայտագրէն, ելոյթ մը ունեցաւ ֆրանսահայ ծանօթ երգիչ Շարլ Ազնաւուր: Ելոյթը երիզագրուած էր եւ ցուցադրուեցաւ Օգոստոս 30ի գիշերը: Շարլ Ազնաւուր մեկնաբանեց իր սիրուած երգերէն մի քանին:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
ՓԱՐԻԶ - ԹՐԻՓՈԼԻ
Ֆրանսայի մայրաքաղաքէն ներս այսօր Հինգշաբթի կը կայանայ Լիպիոյ հարցերու լուծման եւ երկրի ապագայ զարգացման խումբի նիստը: