Քսան հոգիէ աւելի վիրաւորուեցան (քաղաքացիներ եւ ոստիկաններ) Մատրիտի մէջ ոստիկանական ուժերու եւ «Վրդոված»ներու շարժումին մասնակցող քաղաքացիներու միջեւ բախումներուն ընթացքին: Փուէրթա Տէլ Սոլ հրապարակին վրայ տեղակայուած
200 ոստիկանները փորձեցին կասեցնել հարիւրաւոր անդամներու մասնակցութեամբ իրականացող բողոքի ցոյցը եւ ցրուել ժողովուրդը:
BBC կը յայտնէ թէ Մայիսէն ի վեր Սպանիոյ շրջաններուն մէջ սկսած բողոքի շարժումներու ամէնէն լուրջ դէպքն էր այս: Ժողովուրդը կը բողոքէ տնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու կառավարութեան ձեռնարկած քայլերուն դէմ, մինչ գործազրկութեան չափանիշը շատ բարձր մակարդակի հասած է:
1500 քիլոմեթր քայլարշաւ կը կազմակերպեն «Վրդովածները»
Մատրիտէն ճամբայ ելած են սպանացի «Վրդովածները», որոնք կÿուղղուին դէպի Պրիւքսել, մերժելով իրենց կառավարութեան դիրքորոշումը տնտեսական ճգնաժամի ստեղծած կացութիւններուն առընչութեամբ:
Անոնք կը նպատակադրեն Հոկտեմբերին հասնիլ Պրիւքսել եւ հաւաքական բնոյթի բազմամարդ ցոյց մը կազմակերպել ամբողջ Եւրոպայէն ժամանած բողոքողներու մասնակցութեամբ:
Ինչպէս ծանօթ է Սպանիոյ եւ Յունաստանի մէջ սկիզբ առաւ «Վրդովածներու» շարժումը, օգտագործելով յատկապէս ընկերային համացանցի հնարաւորութիւնները (Facebook, Twitter):