Յառաջիկայ 18-20 Օգոստոս 2011-ին Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ համասփիւռքեան համագումար մը՝ նուիրուած արեւմտահայերէնին: Համագումարին սկիզբը վեհափառը իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ համագումարի բոլոր նիստերուն ու մօտէն հետեւի համագումարի աշխատանքներուն:
Համագումարին պիտի մասնակցին շուրջ յիսուն մտաւորականներ, գրողներ, ուսուցիչներ եւ խմբագիրներ սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Համագումարին ծախսերը կը հոգայ «Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը: Վեհափառին գլխաւորութեամբ կազմակերպիչ յանձնախումբը անցնող տարուան ընթացքին լծուած էր իր աշխատանքներուն:
Անդրադառնալով համագումարի կարեւորութեան՝ վեհափառը շեշտեց, որ անիկա «սովորական համագումար մը պէտք չէ դառնայ, քանի մը օրերու վրայ տարածուած սոսկ քննարկումներով, մտահոգութիւններու արտայայտութեամբ, տեսակէտներու փոխանակումով սահմանափակուած: Անհրաժեշտ է քննարկումներէն անդին երթալ եւ յստակ որոշումներ տալ ու գործընթացներ ճշդել: Հո՛ս կը կայանայ համագումարի մը իմաստը եւ արժէքը»: Շարունակելով իր խօսքը՝ վեհափառը ըսաւ. «Արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է բառին ամբողջական իմաստով: Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ այս տխուր իրականութեան դիմաց: Հաւաքական ճիգով ու ծրագրուած աշխատանքով պէտք է վերականգնումի ընթացք մը ճշդենք: Ա՛յս է նպատակը յիշեալ համագումարին»:
Յայտնենք, որ համագումարի ընթացքին արեւմտահայերէնին առնչուած շարք մը խնդիրներ պիտի քննուին զանազան տեսանկիւններէ դիտուած՝ նկատի առնելով սփիւռքի գաղութներուն տարբեր դրուածքները եւ դիմագրաւած իւրայատուկ պայմաններն ու դժուարութիւնները: