Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը ոգեւորութեամբ հետեւեցաւ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի 8րդ խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն եւ ուրախութեամբ ականատես եղաւ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին ախոյեանութեան։


Աշխարհի նշանաւոր երկիրներուն ճատրակի խաղացողներուն ընդդէմ հայրենի վարպետներուն արձանագրած նուաճումը հպարտութեամբ դիմաւորուեցաւ աշխարհասփիւռ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին կողմէ։ 25 երկիրներու մէջ տարածուած իր 102 մասնաճիւղերով Հ.Մ.Ը.Մ.ական անդամները, սկաուտներն ու մարզիկները մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորեն Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը։ Թող նորանոր նուաճումներ ու յաջողութիւններ միշտ արձանագրուին Հայոց Պատմութեան մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ