- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան, Օգոստոս 15ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայացաւ համերգով մը, որ կը կրէր «65 տարի բեմում» խորագիրը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մերիլին Արշակունիները յատուկ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն միշտ կրթական հարցերու նկատմամբ: Այսպէս անցեալ տարի անոնք Գոքինիոյ «Զաւարեան» նախակրթարանի աշակերտներուն համար հաստատեցին մրցանակ մը, իսկ այս տարի ընտանիքին հիմնադրամը հաստատեց երկարամեայ ուսուցչուհի Մերիլին Արշակունիի անուան կրթանպաստներու հիմնադրամ մը՝ ի պատիւ հայ աշակերտներու կրթութեան նուիրուած սոյն ուսուցչուհիին, որ դասաւանդած է «Ֆերահեան» վարժարանին մէջ: Այդ վարժարանին հետ իր կապը ամուր պահելով՝ ամէն տարի, մինչեւ 2000 տոլարի կրթանպաստ մը պիտի տրամադրուի վարժարանէն շրջանաւարտի մը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը անակնկալ մատուցեց սփիւռքահայ երկու սահմանամերձ համայնքներուն‘ իրանահայերուն եւ պոլսահայերուն, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին սեմին երկրին մէջ նախաձեռնելով Հայաստանի մէջ Իրանի հայ համայնքի օրեր, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ համայնքի օրեր (սեպտեմբերին):
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Կիպրոսի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի հրաւէրով, Նիկոսիոյ մէջ 23 Օգոստոսին ժողովրդային հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ, ուր խօսք պիտի առնէ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը: Բանախօսը հանգամանօրէն պիտի անդրադառնայ Արցախի ներկայ քաղաքական իրավիճակին:
Կիպրոս իր այցելութեան առիթով, Դաւիթ Իշխանեան պիտի այցելէ նաեւ Թրոտոս լերան վրայ գտնուող ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան բանակավայրը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը աշխուժ աշխատանք կը տանի Հարաւային Ամերիկայի հայկական համայնքներուն հետ: Վերջերս տրուած տուեալներու հիմամբ՝ Հարաւային Ամերիկայի մէջ կ՝ապրի մօտ 100 հազար հայ: Հայերու առաւել մեծ թիւով առաջին տեղը կը գրաւէ Արժանթինը, որուն կը յաջորդեն Պրազիլ, Ուրուկուէյը, Վենեզուէլան, Չիլէն: