Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը՝  գլխաւորութեամբ Մուրատ Փափազեանի եւ Ռիշար Անանեանի, երկուշաբթի, 25 Յուլիսին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուներէն Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հանդիպումին ընթացքին ի յայտ եկած է, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ մեծ մասամբ կը բաժնէ Հայ դատի լուծման վերաբերեալ ՀՅԴ-ի կեցուածքը, ներառեալ‘ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայոց ցեղասպանութեան մերժումը օրէնքով պատժելու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման եւ Թուրքիոյ‘ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցերը: Պատուիրակութիւնը նշմարած է, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ հաւատարիմ կը մնայ Հայ դատի պայքարի հարցով Ընկերվարական կուսակցութեան առաջին քարտուղարի պաշտօնին վրայ իր որդեգրած կեցուածքներուն: ՀՅԴ որոշած է մասնակցիլ Ֆրանսուա Հոլլանտի Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածութեան ապահովման ընտրապայքարին: