ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ 18-20 ՕԳՈՍՏՈՍ 2011ԻՆ

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի գործակցութեամբ, Օգոստոս 18էն 20, Պիքֆայայի մէջ գումարուեցաւ Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարը:

Վրաստանի մէջ ապրող հայ եւ ատրպէյճանցի քաղաքացիներու համար ստեղծուած է վրացերէնի յատուկ այբենարան։
Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Տմիթրի Շաշքին  կառավարութեան նիստին յայտարարած է, որ արդէն Երկուշաբթի օր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով լոյս պիտի տեսնէ հայերէն եւ ատըրպէյճաներէն լեզուներով վրացերէն այբենարան Այբենարանի ստեղծման նպատակը Վրաստանի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն վրացերէն սորվելու օգնելն է։

«Վրաստանի հայ համայնք» հասարակական կազմակերպութիւնը դիմում ներկայացուցած է Վրաստանի Հանրային պաշտպանին` Թիֆլիսի թիւ 103 հանրային դպրոցի հայկական բաժնէն ներս ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ:

Թրքական մամուլը արձագանգ հանդիսացաւ այն եղելութեան, թէ աշխարհահռչակ երգիչ ու յօրինող Էլթոն Ճոն, որ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ համաշխարհային տարողութեամբ համերգաշարի ծիրէն ներս Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ համերգներ կազմակերպած էր, 800 հազար լիրա արժողութեամբ մատանիներ գնած է Պոլսոյ հայազգի ոսկերիչ-արուեստագէտ Սեւան Պըչաքճըէն: Էլթոն Ճոն համերգներու աւարտին այցելած է Պըչաքճըի վաճառատունը եւ արծաթեայ եւ ադամանդեայ ընտիր մատանիներ գնած է անկէ:

Այլեւս «ֆիլմը» հրաժեշտ կառնէ լուսանկարի աշխարհէն

National Geographicի վարպետ լուսանկարիչ Սթիվ Մաք Քիւրի, լուսանկարներու շարք մը կը ցուցադրէ Պոլսոյ Մոտէրն ցուցասրահին մէջ, ուր բացուեցաւ լուսանկարչական գործերու ինքնատիպ ցուցահանդէս մը: