ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳ
Տնտեսական հետազօտութեանց բրիտանական կեդրոնը զեկոյց մը հրապարակեց, անդրադառնալով Իտալիոյ եւ Սպանիոյ տնտեսութեան հնարաւորութիւններուն, ուր դիտել կը տրուի թէ Իտալիա լըրջօրէն կը դիմագրաւէ սնանկացման վտանգը. նոյն պահուն, քիչ մը աւելի լաւատես կը ներկայանան գնահատումները՝ Սպանիոյ պարագային:
Վարչապետ Պերլուսքոնիի կառավարութիւնը հաւաստիացումներով հանդէս եկած է թէ՝ երկիրը զարգացման գործընթացի մէջ է եւ անհրաժեշտ ամէն տեսակի քայլի պիտի դիմէ՝ երկրի տնտեսութիւնը պահպանելու նպատակով:
Հակառակ որ իտալական եւ սպանական պարտատոմսերու եւ արժեթուղթերու շուրջ «պատերազմը» ընթացքի մէջ է, Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտութիւնը չէ զգացած վարկեր տրամադրել այս երկու երկիրներուն, իրենց տնտեսութիւնը ամուր հիմքերու վրայ տեսնելու նպատակով:
Եւրոպական Միութեան անունով խօսող ներկայացուցիչ մը յայտնեց, թէ որեւէ փաստ գոյութիւն չունի, թէ այս երկու երկիրները անկարողութեան պիտի մատնուին՝ տնտեսական իրենց պարտքերը տրամադրելու համար Եւրոպական ծրագիրներուն:
Ինչպէս ծանօթ է Սեպտեմբերի մէջ եւրոգօտիի երկիրները պարտին 8.5 միլիառ եւրօ տրամադրել Յունաստանին: Այդ գումարին պիտի աւելնայ Միջազգային Դրամանշային Ֆոնտէն տրամադրուած 2.2 միլիառ եւրօի գումարը: Ինչպէս կը հաստատեն Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները, որեւէ փաստ չկայ, թէ Իտալիա կամ Սպանիա պիտի չփոխանցեն իրենց պարտականութեան բաժինը...