Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս աւանդութիւն դարձած «Խանասորի» լեռնագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Յուլիսին, կազմակերպութեամբ Կիպ-րոսի ՀՅԴ կոմիտէութեան եւ գործակից միութիւններուն։
Ընտրուած վայրը այս տարի «Փաշա Լիվատի» փոքր հովիտն էր, ուր կանուխէն սկսած էին ժամանել «արշաւողները», զինուած պատրաստուած՝ շամփուռ-մանկալներով։
Կէսօրին ներկաները հրաւիրուեցան հաւաքուելու որոշուած անկիւնը, ուր պիտի գործադրուէր օրուան յայտագիրը։ Քիչ ետք, իր խօսքը արտասանեց օրուան բանախօսը՝ ընկ. Սիմոն Այնէճեան, անդրադառնալով օրուն խորհուրդին եւ յիշելով Խանասորի ու Լիզպոնի դէպքերը:
Յայտագիրը փակուեցաւ ներկաներուն կողմէ խմբերգուած «Կարկուտ Տեղաց Խանասորայ Դաշտումը» ազգային-յեղափոխական երգով։
Շուտով, շրջապատը արդէն լեցուած էր ծուխով ու բոյրով տարբեր տեսակի խորովածներու, որոնց ըմբոշխման ու խմիչքի, երաժշտութեան ըմկերակցութեամբ շարունակուեցաւ հաւաքական խրախճանքը մինչեւ ուշ կէսօրէ ետք։
«Արմենիա» նաւի ժամանում Լիմասոլի նաւահանգիստ
Նաւը կը դիմաւորեն Կիպրոսի եւ Հայաստանի նախագահները
Հայրենի «Արմենիա» նաւը եօթը հոգինոց անձնակազմով եւ գլխաւորութեամբ Զօրի Բալայեանի, աշխարհի շուրջ շրջապտոյտի ելած իր առաքելութիւնը աւարտելով, խարիսխ պիտի նետէ Լիմասոլի նաւահանգիստը։
Պատմական շրջապտոյտին աւարտը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին։
Այս առիթով, պաշտօնական դիմաւորութեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 11 Օգոստոս 2011-ին, Լիմասոլի նոր նաւահագիստին քարափին վրայ։
Միջոցառումին ներկայ պիտի գտնուին Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիաս եւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Հայրենակիցները կրնան ներկայ գտնուիլ պաշտօնական արարողութեան, սակայն պէտք է նախապէս դիմած ըլլան Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան կամ երես-փոխանական գրասենեակ:
50.000 տոլար Արցախի Քարինտակ
գիւղի ջրամատակարարման ծրագրին
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Կիպրոսի տեղական մարմինը, իր վերջին ժողովի ընթացքին, որոշեց $50.000 ամերիկեան տոլարի համարժէք գումար մը յատկացնել Արցախի Քարինտակ գիւղի ջրամատակարարման ծրագիրին, դառնալով սոյն ծրագիրի հովանաւոր՝ Արժանթինի, Պրազիլիոյ եւ Ուրուկուայի տեղական մարմիններուն կողքին: Գումարը արդէն իսկ փոխանցուած է Երեւան եւ շուտով կը սկսին ծրագիրին հետ առնչուող աշխատանքները:
Քարինտակ գիւղը կը գտնուի Շուշիի ստորոտը, դէպի հարաւ: 18-րդ դարուն հիմնուած այս գիւղին բնակչութիւնը ընդհանրապէս զբաղած է անասնապահութեամբ: Արցախեան գոյամարտի առաջին օրերէն սկսեալ, եւ մինչեւ Շուշիի ազատագրումը, Քարինտակը ամէնօրեայ թիրախը հանդիսացած է ազերիներուն, որոնք Շուշիի բարձունքներէն՝ իր ուղղութեամբ տեղացուցած են ամէն տեսակի կրակոցներ, թաւալող ժայռեր եւ այրող տարբեր առարկաներ: Դժուարին ու ճգնաժամային այս պայմաններուն տակ, զրկուած հակադարձելու միջոցներէ, Քարինտակի բնակիչները, հերոսական ոգի եւ աննկուն կամք ցուցաբերելով, յաջողած են գոյատեւել՝ պաշտպանելով իրենց ընտանիքները եւ գիւղը: Անոնք յաջողած են նաեւ կասեցնել եւ ետ մղել ազերիներուն յարձակումները՝ վիժեցնելով գիւղը գրաւելու անոնց ծրագիրները: 1992-ի Յունուարի 25- 26-ին ազերիները կÿանցնին իրենց վերջին եւ ամենալայնածաւալ յարձակումին՝ որ կը ջախջախուի Հայկական ուժերու բուռն եւ կատաղի դիմադրութեան շնորհիւ: Ազերիները մարտի դաշտէն կը հեռանան խուճապահար, իրենց ետին ձգելով հարիւրէ աւելի դիակներ. Հայկական կողմէն կը զոհուին 22 հոգի, որոնցմէ 12-ը Քարինտակի բնակիչներ: Արցախցի պատմաբանը կը գրէ՝ «Այն իրաւամբ մի հերոսամարտ էր, որում ի յայտ եկաւ Արցախահայութեան անխորտակ ոգին. Քարինտակը Շուշիի ազատագրման նախատօնակն էր, ազդարարը»: Արցախեան գոյամարտի տեւողութեան ամբողջ ընթացքին զոհուած են 33 քարինտակցիներ:
Ներկայիս Քարինտակը ունի շուրջ 640 բնակիչ: Գիւղի ամենասուր հարցը ջրամատակարարումն է. ներքին ցանցի բացակայութեան, քարինտակցիները ստիպուած են իրենց բնակարանային բոլոր կարիքներուն համար ջուր ապահովել գիւղին մէջ գտնուող երկու աղբիւրներէն եւ այդ ջուրը կրել ո՛չ հարթ եւ երբեմն երկար հեռաւորութիւններու վրայով: Ձմեռնային ամիսներուն ընթացքին աղբիւրներուն հասնող ջուրի քանակն ալ կը սահմանափակուի սառած խողովակներու պատճառով: Ջրամատակարարման ծրագիրը կը նախատեսէ լուծել առկայ բոլոր հարցերը եւ գիւղի բոլոր բնակարանները ապահովել տեւապէս հոսող բարձրորակ ջուրով:
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի
Կիպրոսի Տեղական Մարմին