Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ժէյշըլ Շաապ» պարբերաթերթին մէջ սուրիական բանակի հիմնադրութեան 66 ամեակի առթիւ ունեցած իր ուղերձին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ հայրենասիրական եւ ազգային սկզբունքները թշնամիներուն ատելութիւնը կ՝աւելցնեն՝ նշելով,
որ Սուրիա ժողովուրդին արդնութեամբ եւ ազգային միասնականութեամբ կարողութիւնը ունի շրջանը մասնատելու իբրեւ նախաքայլ Սուրիան մասնատելու «դաւադրութեան այս նոր հանգրուանը ձախողութեան մատնելու»։ Ան նշեց, որ Սուրիոյ թշնամիները ուզեցին, որ երկրին մէջ ամէն ինչ քանդող դաւադրութիւն մը ստեղծել, սակայն սուրիացի ժողովուրդը կարողացաւ զայն ձախողութեան մատնել։