Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը, ամերիկեան տնտեսութեան արժեզրկումը եւ Եւրոգօտիի երկիրներու պարտքերու կուտակումը՝ պայթուցիկ վիճակ կը ստեղծեն միջազգային շուկաներէն ներս
Արագօրէն կը վատթարանայ միջազգային շուկաներէն ներս երկիրներու տնտեսական պատկերը ու անվստահութեան մթնոլորտը կը սրի: Այս վիճակը բարդացաւ երբ Moody՝s ընկերութիւնը զեկոյց հրապարակեց ուր նուազած ներկայացուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարկեր ստանալու տնտեսական կարողութիւնը:
Նախագահ Օպամա փութաց հանդարտեցնելու մթնոլորտը դիտել տալով, թէ «ինչ ալ ըլլայ ընկերութիւններու գնահատումը, շուկաները վստահութիւն ունին Ամերիկայի հանդէպ»: Ան յոյս յայտնեց, որ տագնապը իր լուծումին պիտի հասնի, նոյն պահուն դարձեալ կոչ ուղղելով Դեմոկրատականներու եւ Հանրապետականներու քաղաքական համաձայնութեան մը յանգելու կապակցութեամբ:
Հակառակ սակայն քաղաքական աշխարհի ահազանգներուն, Օպամայի կոչերուն եւ կեդրոնական դրամատուներու միջամտութեան, ասիական շուկաները կը շարունակեն անկում արձանագրել: Թոքիոյի, Սէուլի եւ Սիտնիի մէջ սակարանային գիները աննախընթաց անկում արձանագրած են, մինչ տնտեսագէտները ընդհանրացած խուճապի մասին կը խօսին: Նոյն պահուն Չինաստան պահանջք ներկայացուցած է միջազգային համակարգի մը ստեղծման մասին, որը պիտի վերահսկէ ամերիկեան տոլարը: Համաշխարհային աղէտէ մը խուսափելու կանխատեսումով՝ Չինաստան քննարկման բերած է նաեւ պահուստային նոր ու միատեսակ արժոյթ ներ մուծելու հարցը: Փեքին կտրուկ ու ճնշիչ միջամտութիւններով հանդէս եկաւ, արձագանգելով ԱՄՆի վարկային վարկանիշի անկման, համաշխարհային տնտեսութեան առաջնակարգ վարկատուն ըլլալու հանգամանքի բերումով:
Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ երէկ Eurogroupի նախագահ Ժան Գլոտ Եունքերի եւ Քոմիսիոնի նախագահ Ժոզէ Պարոզոյի հետ, քննարկելով Ատլանտեան ովկեանովի երկու կողմերէն ծագած տնտեսական տագնապի հարցերը:
Այսօր Երեքշաբթի օր, անբարենպաստ այս մթնոլորտին մէջ նոր վարկի դիմում կը կատարէ յունական պետութիւնը՝ 625 միլիոն եւրօ գումարի արժեթուղթեր հրատարակելով: