29ամեայ Մարք Տուկանի ոստիկաններու կողմէ սպանութեան դէպքը բռնութիւններու առիթ տուաւ Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքին մէջ, յիշեցնելով երկու տարի առաջ Աթէնքի Էքսարխիա շրջանէն ներս պատանի Ալեքսիս Ղրիղորոփուլոսի սպանութեան պարագան: Ինչպէս Աթէնքի մէջ երիտասարդները օրերով խաղաղ ցոյցեր կատարեցին եւ ծաղիկներ բռնած իրենց ձեռքին դիմադրեցին ոստիկանական ջոկատներուն եւ արցունքաբեր ռումբերուն, նոյնպէս՝ Լոնտոնի մէջ երիտասարդութիւնը բողոքի հսկայ ալիքի ծնունդ տուած է, մեթրօի կայարանները արգելափակելով, ինքնաշարժներ եւ վաճառախանութներ հրկիզելով:

Երկրի վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն ստիպուեցաւ կիսատ թողելու ամառնային իր արձակուրդը:
Հարիւրաւոր երիտասարդ ցուցարարներ, դէմ յանդիման գտնուեցան ոստիկանութեան ջոկատներուն, երբ բռնութեան դէպքերը Լոնտոնէն դուրս տարածուեցան՝ Մանչըսթըրի, Նոթինհամի եւ Պերմինհամի մէջ:
«ԱՖՓ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մերձակայքը, ոստիկաններու եւ երիտասարդներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են։ Խռովարարութիւնները սկսած են Երկուշաբթի ուշ գիշերին։
20-30 երիտասարդներ սկսած են կոտրելու Սթոքհոլմի առեւմտեան մասը գտնուող մեթրոյի «Հասսելպի Կարտ» կայարանի տոմսարկղի ապակիները։ Երբ ոստիկանութիւնը դէպքին վայրը հասած է, երիտասարդները ոստիկաններու ուղղութեամբ քարեր նետած են։