Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մերիլին Արշակունիները յատուկ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն միշտ կրթական հարցերու նկատմամբ: Այսպէս անցեալ տարի անոնք Գոքինիոյ «Զաւարեան» նախակրթարանի աշակերտներուն համար հաստատեցին մրցանակ մը, իսկ այս տարի ընտանիքին հիմնադրամը հաստատեց երկարամեայ ուսուցչուհի Մերիլին Արշակունիի անուան կրթանպաստներու հիմնադրամ մը՝ ի պատիւ հայ աշակերտներու կրթութեան նուիրուած սոյն ուսուցչուհիին, որ դասաւանդած է «Ֆերահեան» վարժարանին մէջ: Այդ վարժարանին հետ իր կապը ամուր պահելով՝ ամէն տարի, մինչեւ 2000 տոլարի կրթանպաստ մը պիտի տրամադրուի վարժարանէն շրջանաւարտի մը:
Մերիլին Արշակունիի անուան առաջին կրթանպաստը (2000 տոլար) յանձնուեցաւ Այտա Սիահեանին, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելը- սի մասնաճիւղին մէջ վերջին տարուան ուսանող է, եւ կը յուսայ ուսումը շարունակել՝ մագիստրոսի տիտղոսին տիրանալու համար հանրային առողջապահութան մարզէն ներս:
Օգոստոսի մէջ «Արարատ տուն»ը յատուկ յուշատախտակով մը պատուեց Յակոբ եւ Մարիլին Արշակունիները: