Երեք ժամուան գործադուլ յայտարարած է հանրային պաշտօնեաներու սենտիքան

Այսօր Հինգշաբթթի բացումը կը կատարուի վաճառախանութներուն համար սահմանուած տօնական ժամանակացոյցին: Յառաջիկայ Կիրակի 18 Դեկտեմբերին բաց պիտի ըլլայ շուկան, ամբողջ Յունաստանի տարածքին:


Յունաստանի Վաճառախանութներու միութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ փորձ պիտի կատարուի գիները հաւասարակշռուած պահելու կապակցութեամբ:

ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ
Կէսօրուայ ժամը 12էն ետք երեք ժամուայ գործադուլ յայտարարած է Յունաստանի հանրային պաշտօնեաներու սենտիքան (ԱՏԵՏԻ), կոչ ուղղելով իր անդամներուն բողոքի տարբեր տեսակի արտայայտութիւններ կազմակերպել, կառավարութեան «սեղմուած» նոր օրինագիծին դէմ հակառակութիւն յայտնելով:
Գործադուլին կը մասնակցին հիւանդանոցներու պաշտօնեաները:
Նոյն պահուն, այսօր առաւօտեան ժամերուն կը կայանայ վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի հանդիպումը «թրոյքա»ի ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկման նիւթ պիտի դառնան յառաջիկայ երեք տարիներու համար նախատեսուած հարկային նոր դրութեան գործադրումը եւ ամսականներու կրճատումները: Վարչապետը յայտնած է թէ 2012ի ընթացքին որեւէ նոր սահմանափակում պիտի չիրագործուի ամսականներու եւ թոշակներու գումարներուն վրայ, այլ պիտի խստացուի հարկային համակարգի վերահսկողութիւնը: