Աշխատաւորական օրէնքներու տագնապալի թղթածրարը կը վերաբացուի, այսօր քննարկուող Յունաստանի աշխատաւորական նախարարութեան եւ եւրոպական վերահսկողութեան մարմնի («թրոյքա»ի) հանդիպումներուն ընթացքին: 

Այսօր Աթէնք կը ժամանեն նաեւ Քոմիսիոնի վերահսկիչ Խորսթ Ռայհենպահ եւ յանձնակատար Եոհանես Խան, Յունաստանի կառավարութեան հետ քննարկելու համար պարտատոմսերու փոխանակման (PSI) եւ վարկային համաձայնութեան վերջին հանգրուանները:
Ըստ «Թօ Վիմա» օրաթերթի հաղորդման, «թրոյքա» պիտի ճնշէ որպէսզի ամէնէն ցած չափանիշերուն վրայ պահուին ամսականները, առանց որեւէ յաւելում նախատեսելու 2012ի ընթացքին: Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի (IMF) կողմէ Փաուլ Թոմսոն այսօր կը հանդիպի աշխատանքի նախարար Ե. Քութրումանիսի հետ, նախորդ կարգավիճակը յեղաշրջող նախաձեռնութիւններ պահանջելով նախարարութենէն: Յիշեցնենք, որ նախապէս ներկայացուած IMFի առաջարկը արտառոց բնորոշուած էր յունական կառավարութեան  կողմէ: