Շաբաթ 19 Նոյեմբերին, իր մահկանացուն կնքեց Աթէնքի Փանտիօ համալսարանի պատմական ընկերաբանութեան դասախօս 71-ամեայ փրոֆ. Նէոքլիս Սարիս: Ան ծնած էր Պոլիս: Յունաստանի մէջ համալսարանական իր ասպարէզի կողքին վարած էր քաղաքական պաշտօններ, ստանձնելով ԷՏԻՔ կուսակցութեան նախագահութիւնը, Իոանիս Զիղտիսէն ետք:


Յոյն-թրքական հարցերու վրայ մասնագիտացած ըլլալով, ան բազմաթիւ աշխատանքներ եւ յօդուածներ հրատարակած էր, ինչպէս նաեւ ստանձնած էր խորհրդականի եւ ուսուցիչի պաշտօններ՝ Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան  վարժարաններու մէջ:
Նէոքլիս Սարիս հայկական ծագում ունէր իր մօր կողմէ. անոնց գերդաստանը Պոլսոյ երեւելի ընտանիքներէն հանդիսացած էր:
Կրքոտ խօսքերով եւ համարձակ լեզուով արտայայտուող ու ճշմարտութիւններ բացագանչող փրոֆէսէօրը՝  միշտ ներկայ գտնուած է հայութեան պահանջատիրական դատի  պայքարին մէջ:
Ան անցեալին ստանձնած էր Ապրիլ 24ի կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկի բանախօսութիւնը եւ տարբեր առիթներով մասնակցած Հայոց Ցեղասպանութեան թեման բացայայտող կլոր սեղաններու զրոյցներու  մէջ: Ան գործակցած է Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ եւ վերջին անգամ ներկայ եղած էր երկու տարիներու առաջ Յունաստանի հին խորհրդարանի շէնքին մէջ կազմակերպուած՝ Հայկական-Պոնտական-Ասորական Ցեղասպանութիւններու  նուիրուած խորհրդաժողովին: 
Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը ցաւակցական նամակ յղած է հանգուցեալի ընտանիքին:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը  Երեքշաբթի կէսօրին, Աթէնքի Ա. գերեզմանատան մէջ: