Աթէնքի աշխատաւորական կեդրոնը (EKA)  24 ժամուայ գործադուլ յայտարարած է այսօր Երեքշաբթի օր, մասնակցութեան կոչ ուղղելով նաեւ դրամատնային եւ հարկային ծառայութեանց պաշտօնէութեան:


Ցուցարարները պիտի համախմբուին Աթէնքի Քլաթմոնոս հրապարակը, ժամը 11:00ին, մինչ ՓԱՄէ նոյնպէս հաւաք պիտի կազմակերպէ Օմոնիայի հրապարակին վրայ:
Հանրային փոխադրամիջոցները անշարժացած պիտի մնան:
24 ժամուայ գործադուլ հռչակած են նոյնպէս հիւանդանոցներու բժիշկները, ինչպէս եւ լրագրական սենտիքաները:
Փաստաբանները երկու օրով երկարաձգած են իրենց սենտիքայի կողմէ կազմակերպուած եռօրեայ գործադուլը:
Համայն Ատիկէի մէջ իրականացուող գործադուլին մասնակցելու կոչ ուղղած է իր անդամներուն՝ հանրային ծառայութեանց պաշտօնեաներու ԱՏԵՏԻ սենտիքան: