Դրական մթնոլորտի մէջ երէկ կայացաւ Յունաստանի վարչապետ Լ. Փափատիմոսի հանդիպումը Եորղոս Փափանտրէուի հետ, ամբողջացնելով հելլէն քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումներու շարքը։
Քննարկման նիւթ դարձաւ կառավարութեան նստաշրջանի երկարաձգման պարագան եւ ընտրութիւններու կայացման թուականը։ Ինչպէս յայտնի դարձաւ, Եորղոս Փափանտրէու յայտնեց, թէ կը զօրակցի Փափատիմոսի կառավարութեան աշխատանքին եւ տրամաբանական կը գտնէ ընտրութիւններու իրագործումը՝ Զատիկէն ետք (Ապրիլ 15ը նկատի ունենալով)։
ՓԱՍՕՔի մէջ՝ ղեկավարութեան խնդիր
Երէկ երեկոյեան կայացաւ ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստը, որ տեւեց 12 ժամ. ղեկավարութեան փոփոխութեան հարց յարուցեցին Միխալիս Խրիսոխոյիտիս, Անտրէաս Լովերտոս եւ Էվանկելոս Վենիզէլոս։ Երեք փորձառու քաղաքագէտները դիտել տուին, թէ ղեկավարի փոփոխութեան առաջադրանքով երկարաժամկէտ քննարկումներու ժամանակ չկայ, այլ արագընթաց եղանակ պէտք է որդեգրել։ Էվանկելոս Վենիզէլոս պահանջեց հարցը յստակացնել մինչեւ Յունուար 15։