Երեք տարի անցած է աշակերտ Ալեքսիս Ղրիղորոփուլոսի սպանութեան դէպքէն:
Այսօր աշակերտական եւ ուսանողական ցոյցեր տեղի կ'ունենան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, ի յիշատակ պատանի աշակերտին: Աւելի քան 5000 հաշուող ոստիկանական ուժեր պիտի հսկեն ցոյցերը:

Յիշեցնենք, որ Ալեքսիսի սպանութեան գործով ամբաստանուած ոստիկան Էփ. Քորքոնէաս ցկեանս բանտարկութեան վճիռ ստացաւ, իսկ իր գործակից երկրորդ ոստիկանը՝ 10 տարուայ կալանաւորման վճիռ ստանալէ ետք, վերջերս ազատ արձակուեցաւ: