«Մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել՝ տարածաշրջանէն ներս կայունությունը վերականգնելու, միաժամանակ՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու ուղղութեամբ», օդանաւակայանին մէջ յայտարարած է Պաքու այցելող Թուրքիոյ վարչապետը: Էրտողան անմիջապէս յիշեցուցած է, որ Թուրքիան կողմ է ղարաբաղեան խնդրի խաղաղ կարգաւորման՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջակա-նութեան ծիրէն ներս:

ԷՐՏՈՂԱՆ ԽՍՏԻՒ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Ատրպէյճան կատարած իր այցելութենէն առաջ խստիւ քննադատած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու համահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին ժամանակ կատարած «Ղարաբաղը ազատագրեցինք, Արարատը ազատագրելը ձեզի կը ձգենք» յայտարարութիւնը:
Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան ատրպէյճանական «Խեզեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով նախագահ Սարգսեանի յայտարարութեան ըսած է, որ նման մօտեցումով կարելի չէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հասնիլ:
Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին՝ ան վերահաստատած է ղարաբաղեան նախապայմանը: Թուրքիոյ վարչապետը նշած է, որ Թուրքիա Հայաստանին յստակ ըսած է. «Լուծեցէ՛ք Ատրպէյճանի հետ ձեր խնդիրները, որմէ ետք պիտի բանանք սահմանը»:
Միւս կողմէ, վարչապետ Էրտողան Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուրքիայէն պէտք է ներում հայցէ այն բանին համար, որ «դպրոցական աշակերտներու կոչ ուղղած է բռնագրաւելու արեւելեան Թուրքիան»: Էրտողան նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը նկատեց «պատմական սխալ մը, որ պէտք է սրբագրուի»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ...

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նախագահ Սարգսեանի խօսքերը քննադատող յայտարարութեան մը մէջ կը յայտնէ. «Պետական գործիչներու հիմնական գործը պէտք է ըլլայ այն, որ անոնք իրենց հանրութեան եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար պատրաստեն խաղաղութեամբ եւ բարօրութեամբ լեցուն ապագայ: Սակայն ատոր ամբողջովին հակառակ մօտեցումով, ժողովուրդներու միջեւ թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանելու ձեւով երիտասարդներուն եւ ապագայ սերունդներուն խորհուրդներ տալը ծայր աստիճան անպատասխանատու գործելաոճ է»:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ այն ժամանակ, երբ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած փնտռտուքները թափ կը ստանան, նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ ան խաղաղութեան համար աշխատելու նպատակ չունի:


«ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՈՂՆ ՈՒ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ՄԱՍՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Ատրպէյճան գտնուող Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի պատմական հողն է եւ անոր անքակտելի մասը:
«Դարերով ատրպէյճանցի ժողովուրդը այդ հողին վրայ ապրած ու ստեղծագործած է: Ինքը՝ «Ղարաբաղ» բառը ունի ատրպէյճանական ծագում, այնտեղ գտնուող բոլոր յուշարձաններն ու տեղանունները ունին ատրպէյճանական արմատներ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն եւս Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մասն է:
«Երբ Ատրպէյճան ՄԱԿ-ին անդամակցեցաւ, անոր մէկ մասը հանդիսացող Լեռնային Ղարաբաղը եւս Ատրպէյճանի կազմին մէջ էր: Կը կարծեմ, որ այսօր հարցը լուծելու կարելիութիւն կայ, միջազգային իրաւունքի արժեչափերը պէտք է հաստատուին ամբողջ ծաւալով: Պէտք է գործադրուին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր 4 բանաձեւերը, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհրդարանի, ԵԱՀԿ-ի որոշումներն ու բանաձեւերը: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի», ընդգծած է ան: