- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած վոլէյ-պոլի ամառնային աւանդական մրցաշարքի բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան, յաղթական խումբին տրուելիք բաժակը սիրայօժար տրամադրող եղբ. Ստեփանեանին, Հ. Կ. Խ.ի Գոքինիոյ վարչութեան, Թաղ.

- Լեւոն Քէշիշեան Մ. Նահանգներու Քանզաս նահանգէն կը գրէ.- Քիչ հայեր հաստատուած են Քանզաս նահանգին մէջ, բայց կայ մէկը, որ ոչ միայն հայ է, իր զաւակները եւս հայ մեծցուցած է եւ առանց յոգնելու՝ կ՛աշխատակցի հայ մամուլին, պատմական հարցեր ուսումնասիրելով, այս անձը Յ. Քիւրտեանն է,

- Թեհրանի ազգային դպրոցներու նոր հոգաբարձութիւնները գործի սկսած են նախապատրաստելու համար նոր ուսումնական տարեշրջանը: Այս առիթով, Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը կը յիշեցնէ հետեւեալ
կէտերը, զորս նկատի պէտք է ունենան հոգաբարձութիւնները. 1.- Հայապահպանում, հայեցի դաստիարակութիւն, ազգային մթնոլորտի ստեղծում՝ հայոց դպրոցներու մէջ, «դիմագրաւելու համար

  • Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն քահանայ Կարապետեան, որ Պոլիս կը գտնուէր, մեկնած է իր պաշտօնատեղին: Տէր հայրը մասնակցած է Գարեգին պատրիարքի յուղարկաւորութեան: Թուրքիոյ ներքին գաւառներու հայութեան թիւին եւ կացութեան մասին Հայկազուն քհնյ. Կարապետեան պատրաստած է մանրամասն տեղեկագիր մը եւ ներկայացուցած՝ Վազգէն կաթողիկոսին:

Օգոստոսի սկիզբը, տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Տրոսիայի աշակերտական կազդուրման կայանի բացման հանդիսութիւնը, մասնակցութեամբ չորս հարիւրի մօտ երկսեռ բազմութեան մը: Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին՝ առաջնորդ սրբազան հայրը, բոլոր կղերականներով, Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը, Տնտեսական եւ կրթական խորհուրդներու անդամները, թաղային խորհուրդներու անդամները, ինչպէս նաեւ բոլոր միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները: