- Լեւոն Քէշիշեան Մ. Նահանգներու Քանզաս նահանգէն կը գրէ.- Քիչ հայեր հաստատուած են Քանզաս նահանգին մէջ, բայց կայ մէկը, որ ոչ միայն հայ է, իր զաւակները եւս հայ մեծցուցած է եւ առանց յոգնելու՝ կ՛աշխատակցի հայ մամուլին, պատմական հարցեր ուսումնասիրելով, այս անձը Յ. Քիւրտեանն է,

որ հաստատուած է Ուչիթա քաղաքը: Ան կը զբաղի հնութիւններու գործով: Հազիւ քանի մը ժամ ունիմ. կը պնդէ, որ անպայման իր տունը այցելեմ, որպէսզի ցոյց տայ իր հսկայ ձեռագիրներու հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ՝ իր հայկական դրամներու հաւաքածոն: Ուչիթա քաղաքի լաւագոյն պողոտայի վրայ կը գտնուի իր հաստատութիւնը, ուր իր գործին համար միասին մխրճուած է ուսումնասիրութիւններ պատրաստելու գործին մէջ: Կը ծրագրէ անգամ մը եւս Հայաստան այցելել: Սեղանին վրայ լեցուած են հայերէն գիրքեր ու թերթեր: Ուչիթան կարելի է Ամերիկայի կեդրոնը նկատել, ու հոս միակ հայը կը մնայ Յ. Քիւրտեան՝ իր գիրքերուն եւ ձեռագիրներուն մէջ:


- Պուլկարահայ վիրաբոյժ մը՝ տոքթ. Արշաւիր Տէրէճեան յաջողած է վերակենդանացնել 22 տարեկան պուլկարուհի մը՝ Փենքա Նայտենովան, անոր ելեկտրահար ըլլալէն եւ սրտի բաբախումբը դադրելէն՝ աւելի քան քառորդ ժամ ետք: Պուլկարական թերթերը մեծ գովեստով արտայայտուած են հայ բժիշկին մասին: Փրոֆ. Ժեներալ Սթոյանով, որ ժամանակակից Պուլկարիոյ մեծագոյն վիրաբոյժն է եւ սրտի երեք հարիւր յաջող գործողութիւններ կատարած է, տոքթ. Տէրէճեանի յաջողութիւնը հերոսութիւն որակած եւ աւելցուցած է. «Տոքթ. Տէրէճեան նոր ճամբայ մը բացաւ վիրաբուժութեան առջեւ: Մինչեւ հիմա, բժշկագիտութեան մէջ տիրող ընդհանուր կարծիքը այն էր, թէ՝ մարդկային ուղեղին բջիջները կը դադրին իրենց դերը կատարելէ՝ արեան շրջանառութեան դադարումէն առաւելագոյնը վեց վայրկեան ետք: Ուրեմն, տոքթ. Տէրէճեան իր փորձառութեամբ եկաւ ցոյց տալու թէ սխալ էր ընդուն- ւած այդ վարկածը»: