Թեսաղոնիկէի «Անաթոլիա» գոլէճի շրջանը փայլուն յաջողութեամբ աւարտեցին հետեւեալ հայուհիները.- Տիրուհի Գալֆայեան, Նատիա Մարուքեան, Մատլէն Գույումճեան եւ Եղիսաբէթ Էսկիճեան: Իսկ Արմենուհի Հեքիմեան յաջող կերպով աւարտեց «Գալամարի» գոլէճը: Պետական գիմնազիոնը յաջողութեամբ աւարտեց՝ Տիրգան Տէր Եղաեան: Դեռատի հայորդի մըն ալ՝ Արիստակէս Վարժապետեան, տեղւոյս մանչերու առաջին գիմնազիոնի Ա. դասարանին մէջ լաւագոյն աշակերտներէն մէկը հանդիսանալով դասարան փոխեց:
Պոլիսէն կը գրէն.- Թուրքիոյ 70 հազար հայ լուսաւորչականներու պատրիարք Գարեգին արք. Խաչատուրեանի փառահեղ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ Յուլիս 7-ի առաւօտուն: Դամբանական խօսեցաւ ամենայն հայոց կաթողոկոս Վազգէն Ա., որ Էջմիածնէն եկած էր, արարողութեան ներկայ գտնուելու: Նախապէս, կաթողիկոսը միւռնով օծած էր պատրիարքին ճակատը եւ աջ ձեռքը. օծում՝ որ խորհրդանիշն է անոր մաքրուած հոգիին յաւիտենականութիւն մուտքին: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ՝ Տիեզերական պատրիարք՝ Աթենաղորաս, պապական նուիրակ՝ գեր. Լարտոնէ եւ Թուրքիոյ մեծ րաբբունապետի ներկայացուցիչը: Պոլսոյ կառավարիչ եւ կուսակալ զօրավար Րեֆիք Թուլկա կը ներկայացնէր Թուրքիոյ նախագահ եւ վարչապետ զօրավար Կիւրսէլը, որ ղրկած էր խոշոր ծաղկեպսակ մը: Բազմաթիւ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, հայկական զանազան գաղութներէ, ներկայ էին արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ բազմահազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Արարողութենէն ետք, պատրիարքը թաղուեցաւ Պոլսոյ հայ լուսաւորչականներու գերեզմանին պատրիարքներու դամբարանին մէջ: Խաչատուրաեն պատրիարքի յաջորդին ընտրութեան թուականը տակաւին որոշ չէ: