Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն քահանայ Կարապետեան, որ Պոլիս կը գտնուէր, մեկնած է իր պաշտօնատեղին: Տէր հայրը մասնակցած է Գարեգին պատրիարքի յուղարկաւորութեան: Թուրքիոյ ներքին գաւառներու հայութեան թիւին եւ կացութեան մասին Հայկազուն քհնյ. Կարապետեան պատրաստած է մանրամասն տեղեկագիր մը եւ ներկայացուցած՝ Վազգէն կաթողիկոսին: Յիշեալ տեղեկագրէն կը քաղենք հետեւեալ ուշագրաւ տեղեկութիւնները.- Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ներկայիս կապրին աւելի քան 80.000 հայեր: Իսկ Անատոլուի գաւառներուն ու գիւղերուն մէջ կÿապրին աւելի քան 10.000 հայեր: Փոքրամասնութեանց կրթարաններ չկան. պետական վարժարաններ կը յաճախեն հայ տղաք: Բոլորն ալ թրքախօս են եւ հայերէն չեն գիտեր: Գաւառներէն բաւական թիւով ուսանողներ կը յաճախեն Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքը: Մօտ 120 աշակերտներ ղրկուած են գաւառներէն. անոնք տոհմիկ եւ բարձր ուսում կը ստանան հոն: Ժամանակին գաւառի անուս տղաքը կը քարկոծէին կրօնականները. այժմ անոնք վարժուած են եւ այլեւս խորթ չի թուիր իրենց կրօնական տարազը: Երեք եկեղեցիներ կան գաւառի մէջ՝ Կեսարիոյ, Տիգրանակերտի եւ Հաթայի մէջ, ուր պաշտամունք կը կատարուի եւ հաւատացեալները սփոփանք եւ մխիթարութիւն կը ստանան: Գաւառի հայը հազիւ իր ապրուստը կը ճարէ եւ չի մուրար: Կ՛աշխատի ապահովելու համար իր կարիքները: Ան մի միայն ուսում կը մուրայ:
Ֆրանքօ-Լոնտոն ֆրանսական շարժանկարի ընկերութիւնը, բեմագիր Անտրէ Վերսինիի ղեկավարութեամբ, սկսած է դարձնել նոր ժապաւէն մը՝ «Հորաս 61», որուն գլխաւոր դերակատարն է հայազգի ծանօթ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր, իտալացի յայտնի դերասանուհի Ճիովաննա Ռալլիի, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի դերասաններ՝ Ռեմոն Փելլըկրէնի եւ Թրենթինինի հետ: Այս ժապաւէնին մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ նոյնպէս ֆրանսահայ դերասան Արտաշէս Գմբէթեան: