- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած վոլէյ-պոլի ամառնային աւանդական մրցաշարքի բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան, յաղթական խումբին տրուելիք բաժակը սիրայօժար տրամադրող եղբ. Ստեփանեանին, Հ. Կ. Խ.ի Գոքինիոյ վարչութեան, Թաղ.
Խորհուրդին, Հ.Յ.Դ. Երիտ. Կեդր. վարչութեան եւ ստուարաթիւ մարզասէրներու ներկայութեան: Եղբ. Կ. Մինասեան, հակիրճ կերպով ներկայացնելէ վերջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան գործունէութիւնը եւ ի մասնաւորի շեշտելէ ետք, այս մրցումներուն կարեւորութիւնը, խօսքը տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեանին: Յարգելի եղբայրը ակնարկ մը նետեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ կազմակերպուած դասական աթլեթիզմի մրցումներուն վրայ, ապա քաջալերական խօսքեր ըրաւ մարզիկներուն եւ թելադրեց որ ըլլան օրինակելի, ունենան մարզական եւ մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ոգի: Յաջորդաբար, խաղերը շարունակուեցան եւ յաղթանակի հասան Հ.Կ.Խաչ՝ 6 կէտով, Հ.Մ.Ը.Մ., Երէցներ եւ Երիտասարդաց՝ 4-ական կէտով:
- Երեւան-Մոսկուա օդային ճամբուն տեւողութիւնը կրճատուած է՝ 3,5 ժամ, շնորհիւ արդիական մեծ օդանաւերու սպասարկութեան: Օդանաւերը մեծ օգտակարութիւն կ՛ունենան նաեւ գիւղատնտեսութեան մէջ: Օդանաւերու միջոցով կ՛ոչնչացուին գիւղատնտեսութեան վնասող միջատները եւ մանրէները, ծուխի ծածկոցներ կը տարածեն ցրտահարութեան վտանգի պարագային եւ այլն: Միւս կողմէ, ներկայիս կանոնաւոր երթեւեկութիւն գոյութիւն ունի Երեւանի եւ Խ. Միութեան բազմաթիւ քաղաքներու միջեւ: Ատկէ զատ, ապրանքատար օդանաւեր ամէն օր Երեւանէն դէպի Միջին Ասիոյ երկիրները, Ուքրանիա, Ծայրագոյն Արեւելք, Ուրալ, Մոսկուա, Լենինկրատ եւ այլ վայրեր կը փոխադրեն Հայաստանի զանազան ապրանքները, մանաւանդ՝ պտուղները: