50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ...Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ լոյս տեսած է հետեւեալ թղթակցութիւնը.- Չեխոսլովաքիոյ մայրաքաղաքին՝ Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ հմաքրիստոնէական խաղաղութեան առաջին ժողովը,
որուն կը մասնակցէին աւելի քան 70 բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնք եկած էին օդանաւով աշխարհիս չորս ծագերէն, աւելի քան 50 երկիրներէ՝ Անգլիայէն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Ամերիկայի Մ. Նահանգներէն, Պելճիքայէն, Պրազիլէն, Չինաստանէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Հնդկաստանէն, Ինտոնեզիայէն, Իտալիայէն, Ճափոնէն, Եուկոսլաւիայէն, Գանատայէն, Գուպայէն, Լիբանանէն, Նորվեկիայէն, Նոր Զիլանտայէն, Աւստրիայէն, Յունաստանէն, Շուէտէն, Զուիցերիայէն, գերմանական դաշնակցային հանրապետութենէն, Արեւելեան Գերմանիայէն, Ուրուկուայէն, Լեհաստանէն, Պուլկարիայէն, Հունգարիայէն, Ռումանիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Հայաստանէն: Էջմիածնի հոգեւորականներու պատուիրակութիւնը ճամբայ ելլելէ առաջ, Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռէն հայերէն լեզուով գրուած հեռագիր մը ստացուցեցաւ, որ Վազգէն կաթողիկոսին գալուստը կÿաւետէր: Կղերականներու համաժողովին ընթացքին բոլոր պատուիրակութիւններու պետերը ելոյթ ունեցան: Անոնց խօսած ճառերը բովանդակութեամբ իրարու նման էին: Բոլորն ալ կը ցանկային խաղաղութիւն աշխարհիս բոլոր ժողովուրդներուն համար: Մեր Վեհափառ հայրապետն ալ իմաստալից ճառ մը արտասանեց եւ փափաք յայտնեց որպէսզի բոլոր եկեղեցիները իրարու մօտենան եւ սերտ գործակցութեամբ մը յառաջ տանին աշխատանքը՝ ամրապնդելու համար խաղաղութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ: Վեհափառ հայրապետը Տիրոջմէն ուժ եւ կորով խնդրեց ժողովին մասնակցող բոլոր եկեղեցականներուն, որպէսզի կարողանան շարունակել այս առաքելութիւնը, մինչեւ որ ապահովուի խաղաղութիւնը ու եղբայրակցութիւնը համայն աշխարհի մէջ: