• Դպրոցական տարեշրջանը վերջ գտած է Հայաստանի տասը բարձրագոյն վարժարաններուն մէջ: Մօտաւորապէս 3500 երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ մասնագէտ դարձած են գիտութեան եւ թեքնիկի գրեթէ բոլոր կարեւոր բնագաւառներուն մէջ- բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, աստղաբաշխութեան, ինքնագործութեան, հեռավարութեան, աշխարհագիտութեան եւ ճարտարապետութեան բնագաւառներուն մէջ: Ազգային վիճակագրութեան վարչութեան տուեալներուն համաձայն, ներկայիս հազար բնակիչի վրայ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին 32 բարձրագոյն ուսում ստացած մասնագիտներ: Ըստ Լուսաւորութեան նախարարութեան շինարարութեան ճիւղի պետին՝ Սուրէն Յովակիմեանին՝ 1961-62 ուսումնական տարեշրջանին լրացած պիտի ըլլայ 52 նոր դպրոցական շէնքերու կառուցումը, ուր, պիտի ուսանին 9480 աշակերտներ: Անիկա մէկուկէս անգամ աւելի է նախորդ տարուան ընթացքին շինւած դպրոցական շէնքերուն համեմատութեամբ: Միայն Երեւանի մջ Սեպտեմբեր 1-ին պատրաստ պիտի ըլլան եօթը նոր վարժարաններ: Նոր վարժարաններէն զատ այս տարի պիտի շինուին ե-րեք հարիւր նոր դասարաններ, վեց հազար երախաներու համար:

  • Ծագումով հայ եւ հին ալեքսանդրապոլցի յայտնի քանդակագործ Մերկուլով, 1907 Հոկտեմբեր 29-ին, Խրիմեան Հայրիկի մահուան օրը, պատրաստած է Հայրապետին մահադիմակը: Քանդակագործը երկար տարիներ գուրգուրանքով իր մօտ պահած է այդ թանկագին մասունքը եւ միայն իր կեանքի վերջին օրերուն է, որ կտակած է Էջմիածինի: Քանի մը ամիս առաջ, քանդակագործին աղջիկը, մասնաւոր առաքելութեամբ, Լենինկրատէն Էջմիածին գացած եւ Վազգէն Ա.ին յանձնած է նուէրը: