- Թեհրանի ազգային դպրոցներու նոր հոգաբարձութիւնները գործի սկսած են նախապատրաստելու համար նոր ուսումնական տարեշրջանը: Այս առիթով, Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը կը յիշեցնէ հետեւեալ
կէտերը, զորս նկատի պէտք է ունենան հոգաբարձութիւնները. 1.- Հայապահպանում, հայեցի դաստիարակութիւն, ազգային մթնոլորտի ստեղծում՝ հայոց դպրոցներու մէջ, «դիմագրաւելու համար

Սպիտակ  ջարդի վտանգը, որ չոքել է նաեւ մեր գաղութի դրանը եւ հետզհետէ աւելի ու աւելի սպառնական է դառնում»: 2.- Հայ դպրոցին վճռական եւ անփոխարինելի դերը՝ պայքարելու համար ուծացման եւ ապազգայնացման դէմ: 3.- Ուսուցիչին դերը՝ իբրեւ կրողը ազգային դաստիարակութեան: 4.- Հայեցի կրթութեան առաջնութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը:

- Նոր Ջուղայի Հայուհեաց բարեգործական ընկերութիւնը կը նկատուի իրանահայութեան ամէնէն հին կազմակերպութիւնը՝ հիմնուած ըլլալով 1892 թուին: Իր գոյութեան 70 տարիներուն ընթացքին ընկերութիւնը մեծ դեր կատարած է ջուղայահայ կեանքին մէջ ու այսօր ալ իր խնամքին տակ կը գտնուին ազգային երկու որբանոցները՝ ունենալով նաեւ օժանդակ մարմիններ: Ընկերութիւնը վերջերս մասնաւոր հոգեհանգիստ կատարել տուած է որբանոցներու բարերարներու յիշատակին: Քարոզած է առաջնորդական փոխանորդ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան:

- Սուրիոյ մէջ յայտարարուած են պետական  պաքալորէայի քննութեանց արդիւնքները: Հալէպէն յաջողած են 33 հայ աղջիկներ եւ մանչեր: Իսկ Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանը, ինչպէս պրըվէի մէջ, նաեւ պաքալորէայի  քննութեանց մէջ արձանագրած է բացառիկ յաջողութիւն. ներկայացող 17 ուսանողներէն 14-ը յաջողած են: